2010-10-30 11:38:32

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Ցաւակցական Հեռագիրը

Ի ԼուրԱրժանթինի Նախկին Նախագահ՝ Տոքթ Նէսթոր Քիրչնէրի

Մահուան։


Սրբազան Հայրը իր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնէ 2003-2007 թուականներուն Արժանթինի նախագահ՝ տոքթ Նէսթոր Քիրչնէրի մահուան առիթով։

Իր ուղղած հեռագիրին մէջ, Նորին Սրբութիւնը ցաւակցութիւնը յայտնած է Արժանթինի ներկայ նախագահին՝ ողբացեալի այրիի՝Քրիստինա Ֆէրնանտէս-Քիրչնէրին եւ ընտանեկան բոլոր պարագաներուն, ինչպէս նաեւ կառավարութեան եւ Արժանթինի ժողովուրդին։

Նորին Սրբութիւնը իր աղօթքը կը բարձրացնէ առ Աստուած, 60-ամեայ նախագահի հոգւոյն համար, որպէսզի Տէրը զինք իր Արքայութեան մէջ ընդունի ։

Ս. Աթոռի մօտ Ատժանթինի դեսպան Խուան Գաֆիերօ ըսաւ թէ՝ Նէսթոր Քիրչնէր եղաւ հանրավարական մարդ մը, աշխատեցաւ Լատին Ամերիկայի միութեան ի խնդիր եւ մեծ պաշտպանը հանդիսացաւ մարդու իրաւունքներուն։ Երկրի դժուար պայմաններու ընթացքին, տոքթ Քիրչնէր կարողացաւ քաղաքականութիւնը հիմնական գործիքի մը վերածել, Արժանթինի ընկերութեան կարիքները գոհացնելու միտումով, ստեղծելով՝ արդարութեան, ազատութեան եւ հաւասարակշռութեան աւելի նպաստաւոր պայմաններ։

Ան նոյնպէս Մարդկային Իրաւանց ի նպաստ յստակ եւ յատուկ աշխատանք տարաւ, յիշողութեան եւ ճշմարտութեան գաղափարները կարեւորելով, ընդդէմ անպատժելիութեան։

Յայտնենք թէ Հայ ծագումով արժանթինեան քաղաքացիները, ինչպէս նաեւ աշխարհի համայն հայութիւնը, երբեք պիտի չմոռնան տոքթ Քիրչնէրի աջակցութիւնը Հայոց Ցեղասպանութիւնը յիշատակող Թիւ 26199 օրէնքի հռչակման համար։ Արդար դատերու հանդէպ թիկունք կանգնելու իր համոզումը եւ յանձնառութիւնը զինք կը դնեն գաղափարները շահախնդրութեան փոխարէն նախընտրող մարդկանց կարգին։








All the contents on this site are copyrighted ©.