2010-10-30 11:42:49

Հայ Աւետարանական Քոլէժը Հայկական Լաւագոյն Կրթօճախ Մրցանքի Մրցանակակիրներէն։


Հայաստանի սփիւռքի նախարարութիւնը եւ համաշխարհային հայկական քոնկրեսը միասնաբար կազմակերպած են «հայկական լաւագոյն կրթօճախ» մրցանքը, որուն մասնակցած 62 սփիւռքահայ կրթական հաստատութիւններու կարգին են 30 միօրեայ եւ 31 ամէնօրեայ դպրոցներ։
7 հոկտեմբեր 2010 թուակիր նամակով մը մրցումի կազմակերպիչները Պէյրութի Հայ աւետ. քոլեճի տնօրէնութեան տեղեկացուցած են, թէ Հայ աւետարանական քոլեճը «Հայապահպանութեան գործում ունեցած նշանակելի աւանդի համար համահայկական մրցանակաբաշխութեան «լաւագոյն հայկական կրթօճախ» անուանակարգում ճանաչուել է մրցանակակիր»՝ գլխաւոր մրցանակակիր դպրոցի կողքին, 13 այլ դպրոցներու հետ, որոնք Սուրիայէն, Իրաքէն, Արժանթինէն, Իրանէն, Վրաստանէն, Ռուսիայէն են։
Համահայկական մրցոյթի կազմակերպիչ մարմնի քարտուղար Սերոբ Անտինեան անպաշտօն կերպով կը գրէ, թէ մարմինը «բարձր է գնահատել ձեր դպրոցի գործունէութիւնը, եւ այն իր միաւորներով բաւական բարձր դիրք է գրաւել մրցանակակիրների ցուցակում»։
Հայ աւետարանական քոլեճը պարգեւատրուած է յատուկ վկայականով եւ 1000 տոլարի նուէրով։ Մրցանակաբաշխութիւնը տեղի ունեցած է մեծ շուքով՝ Երեւանի մէջ, 18 հոկտեմբեր 2010-ին։
Հայ աւետարանական քոլեճը ներկայացուած է յանձինս երեւանաբնակ հովիւ վեր. Համլէթ Կիւրեղեանի։
 







All the contents on this site are copyrighted ©.