2010-10-29 12:54:31

Պրազիլի Եպիսկոպոսներու Համահաւաք Դասի Հանդիպումը Սրբազան Քահանայապետին Հետ։


Պրազիլի Եպիսկոպոսներու Համահաւաք Դասի հետ իր հանդիպման ընթացքին, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը խրախուսեց զանոնք ՜՜պաշտպանելու կեանքը՝՝ նոյնիսկ քաղաքականութեան միջոցաւ։ Եպիսկոպոսներուն յանձնուած է, ըսաւ ան, յառաջ տանելու ծանր պարտականութիւնը՝ Բարոյական դատում տալու համար մանաւանդ երբ այս դատումը կը վերաբերի վիժումի կամ հեշտամահի պէս բարոյական նիւթերուն։Առաջնորդները պէտք է յիշեցնեն իրենց քաղաքացիներուն, այն ՜՜իրաւունքը՝՝ որ է նաեւ ՜՜պարտականութիւն մը՝՝ գործածելու իրենց քուէարկելու իրաւունքը, պաշտպանելու համար ՜՜Հասարակաց Բարիքը՝՝։
Կեանքը պաշպանելու համար պէտք չէ որ վախնանք անոր հետեւանք՝ թշնամութենէն, հակարակութիւններէն կամ ոչ ժողովրդականութենէն, եւ պէտք է մերժենք երկդիմի եւ փոխզիջումի դիրքերը որոնք մեզ այս աշխարհի մտայնութեան կը համակերպեն։







All the contents on this site are copyrighted ©.