2010-10-29 13:00:08

Եւրոպական Խորհուրդի Պատգամաւորները Ստեփանակերտի Մէջ։


Լեռնային Ղարաբաղ (երէկ )ժամանեցին Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւորներ Տանիէ Ապատ (Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութիւն), Միշել Ռեւազ (Եւրոպական կանաչներու միութիւն), եւ Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան փորձագէտ Նիքոլաս Չիպերկլայտի, Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի պատասխանատու Հիլտա Չոպոյեանի ուղեկցութեամբ։ Պատուիրակութեան կ՜ուղեկցէին նաեւ Հայաստանի ԱզԳային Ժողովի պատԳամաւորներ Վահան Յովհաննիսեան (Դաշնակցութիւն) եւ Արա Պապլոյեան (անկուսակցական)։ Պատուիրակութիւն այցելեց Ստեփանակերտի թիւ 1 դպրոց։ Անոնք հանդիպեցան Լեռնային Ղարաբաղի Գաղթականներու միութեան անդամներուն հետ։ Տեսակցեցան նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային Ժողովի նախագահին եւ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահին հետ։ Գաղթականներու պատգամաւորներու հետ հանդիպման ընթացքին, առաջադրուեցաւ անոնց կարգավիճակ չունենալու խնդիրը, եւ պատգամաւորները խոստացան այդ ուղղութեամբ քայլերու ձեռնարկել։ Պատուիրակութիւնը միշտ երէկ ուղղաթիռով Երեւան վերադարձաւ։







All the contents on this site are copyrighted ©.