Հապէշիստան կը հաշուէ ներկայիս (12)միլիոն հաւատացեալներ: Առաջին դարերուն արդէն՝ քրիստոնէութիւնը
հոն մտած էր, բայց պաշտօնական կրօնք դարձաւ Դ. դարուն առաջին կէսին: Նուիրապետական տեսակետով՝
Աղեքսանդրիայէն կախում ունէր մինչեւ վերջին ժամանակները: 1959ին միայն Աղեքսանդրիայէն
անկախ պատրիարքութիւն մը ստեղծուեցաւ: Ե. դարու վերջերը Եթովպիա կը հասնին այսպէս կոչուած
‘’’հինգ սուրբերը’’ գուցէ Սուրիայէն, որոնք միաբնէականութիւն կը քարոզեն:
Եթովպական
ծէսը քանի մը անգամ թարգմանուած եւ ճոխացած՝ Աղեքսանդրեան ծէսն է: Հապէշիստանի մէջ բազմաթիւ
են հոգեւորականները, եկեղեցականները, այրերու եւ կիներու վանքերը: Կաթողիկէ Եկեղեցին
կը հաշուէ 100 000 խափշիկ հաւատացեալներ:
Եթովպական մշակոյթը որ սկիզբը ղպտիականին
կապուած էր, ունեցաւ իր յատուկ ծաղկումը ԺԵ. դարու վերջերուն շուրջ՝ Զարայ Եագոպ կայսրի
ատեն: Աշխարհի մէջ չկայ ժողովուրդ մը, որ այնքան ջերմեռանդ ըլլայ Աստուածամօր՝ որքան
Հապէշ ժողովուրդը: Բովանդակ ազգը սկիզբէն ի վեր անոր հովանաւորութեան ակ դրուած է: Գրեթթէ
ամենքն ալ կը կրեն Մարաիմ անունը իբրեւ գրաւական՝ անոր մայրական պաշտպանութեան: Ծիսակատարութեան
մէջ Մարիամ ամմէն տեղ ներկայ է: Բազմաթիւ են անոր տօները, մարեմեան ժամասացութիւնները,
անթիւ՝ շարականները, բանաստեղծութիւնները, պատմուածքները: Ս. Պատարագին մէջ լայն տեղ
կը գրաւէ Մարիամ: Մարդեղութեան ժամամուտին մէջ կ’ըսուի. ‘’’Ով Կոյս, որ արգանդիդ մէջ
կրեցիր լափող (սպառիչ) կրակը: անոր դէմքը կրակ է, անոր զգեստը կրակ է, անոր պայծառութիւնը
կրակ է, ինչպէ՞ս քեզ հրդեհած չէ: Եւ քու ծոցիդ մէջ, ո՞ւր հաստատուեցան, կապուեցան եւ
տարածուեցան հրեղեն տաղաւարները, եթէ քու մարմինդ այնքան փոքր է’’: Պարզ, ինքնաբուխ,
ժողովրդային, բայց ոչ նուազ աստուածաբանական հաւատք մը կ’ոգեւորէ այս ազնուական Եկեղեցին:
Մարիամ կը գովաբանուի մանաւանդ՝ իբրեւ աստուածային ողորմութեան գանձարանը: Ողորմութեան
եւ ներողամտութեան պաշտօնն ունի: ‘’’Կնքուեցաւ, կ’երգեն եթովպական աղբիւրները, գթութեան
ուխտ մը Քրիստոսի եւ Մարիամի միջեւ ի նպաստ կարօտեաներու եւ մեղաւորներու, այս ուխտն
է որ կը սնուցանէ ամենուն յոյսը: ‘’’Ով Մարիամ, քու խորհուրդներդ լի են գորովով, քու
սովորութիւնդ է սիրել մարդիկը: Սէրը հրդեհ է քու ընդերքներդ, ամբողջութեամբ կրակ դարձար:
Քու աղօթքդ ըլլայ միշտ եւ ամէն փորձանքին մէջ՝ ցերեկուան ատեն՝ պահպանութիւն, գիշերուան
ատեն՝ հսկուն’’: