2010-10-29 13:06:12

«Հայ - Քանատական Գործակցութիւնը Արդիւնաճէտ է » Կ՝ըսէ Նալբանդեան։


Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան երէկ ընդունեց Մոնրեալի քաղաքապետ Ժերալ Թրեմպլեյի գլխաւորած պատուիրակութիւնը։ Բարի գալուստ մաղթելով հիւրին, նախարար Նալբանդեան բարձր գնահատեց Քանատայի հետ երկկողմանի յարաբերութիւններու ծիրին մէջ վերջերս արձանագրուած աշխուժութիւնը, յոյս յայտնելով , որ ատիկա լաւ հիմք կը հանդիսանայ համագործակցութեան բազմաբովանդակ զարգացման։ Էդուարդ Նալբանդեան ընդգծեց, որ հայ-քանատական փոխ-գործակցութիւնը արդիւնաւէտ է նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններու ծիրին մէջ, իսկ Մոնրէալի քաղաքապետին այցելութիւնը պիտի նպաստէ նաեւ ապակեդրոնացուած համագործակցութեան զարգացման։Ժերալ Թրեմպլէյն ընդգծեց քանատահայ համայնքին ներդրումը եւ դերակատարութիւնը երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութեան ընդլանման իմաստով։ Զրուցակիցները գոհունակութիւն յայտնեցին ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան անդամ քաղաքներու 31-րդ խորհրդաժողովը Երեւանի մէջ կազմակերպելու վերաբերեալ օրեր առաջ տրուած որոշման գծով, եւ միտքեր փոխանակուեցան ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան ծիրին մէջ ապակեդրոնացուած համագործակցութեան շուրջ։







All the contents on this site are copyrighted ©.