2010-10-28 13:02:50

Պենետիկտոս ԺԶ քահանայապետի ցաւակցական հեռագիրը Ինտոնէզիոյ մէջ ցունամիի զոհերու


Ինտոնէզիոյ մէջ ցունամիի զոհերու թիւը հետզհետէ կը բարձրանայ, մինչ հարիւրաւոր անձեր կը փնտռուին։ Ցունամին հարուածեց Մետավայ կղզեխումբը, Սումաթրայի մօտ Ռիխթերի 77 աստիճան երկրաշարժի ցնցումէ ետք։ Մետավայր կղզեխումբը եւ յատկապէս Փակայ կղզին հարուածած են երեք մեթր բարձրութեամբ հսկայ ալիքներ, որ ներխուժած են ցամաքամաս, մինչեւ 600 մեթր հեռաւորութեան վրայ հասնելով։ Տաս գիւղերէ աւելի տուժած են ցունամիէն։ Անտուն մնացած է աւելի քան 4000 մարդ։ 2004ին պատահած ցունամիի զոհ գացած էր 250000 մարդ։
Ի լուր բնութեան այս մեծ աղետին Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը իր ցաւակցութիւնը յայտնած է Ինտոնէզիոյ բնակչութեան երաշխաւորելով իր աղօթքը։
Նոյնպէս Նորին Սրբութիւնը յայտնած է իր մօտիկութիւնը Պենանի բնակչութեան, ուր հոկտեմբեր ամսուայ միշտատեւ տեղատարաբ անձրեւները շատերը անտուն թողած են։ Սրբազան Հայրը կոչ ուղղած է միջազգային հասարակութեան հարկաւոր օգնութիւնները ուղարկելու զոհերը ամոգելու համար։
 







All the contents on this site are copyrighted ©.