2010-10-28 13:02:58

կարտինալ ֆրանգ Ռոտէ որպէս քահանայապետական յատուկ նուիրակ կ'այցելէ Անկոլան։


Անկոլայի եկեղեցւոյ հրաւէրին ընդառաջելով  կարտինալ ֆրանգ Ռոտէ` կառավարիչը կրօնաւորական քահանայապետական ժողովի, Հոկտեմբեր 25ին այցելութիւն կատարած է Անկոլայի եկեղեցւոյ։ Ան հանդիսաւոր պատարագ մատուցած է մարեմեան Մուքսիմա սրբավայրին մէջ եւ իր արտասանած քարոզին մէջ խրախուսած է հաւատացեալները Ս. Կոյս Մարիամի նման սիրով եւ ուրախութեամբ ծառայեն Տիրոջ։ Կրօնաւորներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին ան հրաւիրեց զանոնք գործադրելու խոնարհութեան առաքելութիւնը, ընգծելով թէ մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս միշտ սիրած ու բարձրացուցած է խոնարհները։







All the contents on this site are copyrighted ©.