2010-10-27 13:24:42

Վատիկանի Մամլոյ Գրասենեակի Տնօրէն Հայր ֆէտէրիքօ Լոմպարտիի Յայտարարութիւնը Իրագի Երբեմնի Փոխ Նախագահ Թարէք Ազիզի Մահուան Դատավճիռի Լուրին Վերաբերեալ ։


Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ դիրքը մահապատիժի նկատմամբ ծանօթ է ու յստակ ։ Յոյս կը յայտնուի որ Թարէք Ազիզի մահուան դատավճիռը չ̓ իրագործուի , նպաստելու դիտաւորութեամբ Իրագի մէջ համերաշխութեան, խաղաղութեան եւ արդարութեան վերհաստատումին։ Ինչ կը հայի մարդկայնական կամ մարդասիրական միջամտութեան, Սուրբ Աթոռը ընդհանրապէս կ՝աշխատի ոչ հրապարակաւ,այլ իր տրամադրութեան ներքեւ գտնուող դիւանագիտական ուղիները գործածելով։։







All the contents on this site are copyrighted ©.