ԷՋ ՄԸ ՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵՆԷՆ։ ԱԿՆԱՐԿ ՄԸ ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ.
1923էն սկսեալ Արեւմտահայ գրականութիւնը կրնանք անուանել Սփիւռքահայ գրականութիւն, մանաւանդ
որ անոր գլխաւոր թեման կը մնայ Սփիւռքը, օտարին հետ հանդիպումը եւ հայրենիքի կարօտը:
Անշուշտ իւրայատուկ տեղ ունի Թրքահայ, մասնաւորապէս՝ Պոլսահայ գրականութիւնը, որ բաւականին
ինքնատիպ է: Ամերիկաներ եւ Գանատա: Սփիւռքահայ գրականութեան առաջին վաւերական գրողները
եղան Միացեալ Նահանգներ ապաստանած, բայց հայրենիքէն հայեցի ուսում եւ հայեցի դաստիարակութիւն
ստացած անձեր: Ասոնք գոնէ մինչեւ 60-ական թուականները , ընդհանրապէս Պոսթըն մասամբ նաեւ
Նիւ Եորք եւ Տիթրոիթ քաղաքներու մէջ կ'ապրէին: Ամերիկահայ վաւերական գրողները գրեթէ
բոլորն ալ արձակագիրներ են: Իրենց գրականութեան աշխարհը գլխաւորաբար. կորսուած հայ գիւղն
է կամ Ամերիկեան քաղաքներու արուարձաններուն մէջ հայ գիւղի յիշատակներով ապրող տիպարներ
. այդպէս է Համաստեղի, Բենիամին Նուրիկեանի, Արամ Հայկազի, Վահէ Հայկի, Անդրանիկ Անդրէասեանի
եւ Մալխասի ստեղծած գրականութիւնը: Մալխաս վիպականացուցած է մեր ազգային ազատագրական
պայքարի վերջին շրջանը :Ամերիկան մեզի բանաստեղծներ չտուաւ: Այս սերունդին մէջ կարելի
չէ չյիշել անգլիագիր Ուիլիըմ Սարոյեան, Մայքըլ Արլէնը ,կրտսեր Մայքըլ Արլէնը, Լեւոն Զաւէն
Սիւրմէլեան եւ ուրիշներ: Այս սերունդը խամրեցաւ 60-ական թուականներէն ետք եւ նման Ֆրանսահայ
գրականութեան նոր գրողներու ծնունդ չկրցաւ տալ : Ամերիկայի միջին եւ անմիջական սերունդի
գրողները Պարսկաստանէն , Արաբական աշխարհէն եւ Հայաստանէն գաղթած են :Միջին սերունդէն
յիշենք հրաշալի արձակագիր Յակոբ Կարապենցը:
Միացեալ Նահանգներուն մէջ մշակութային
եւ գրական նոր կեդրոն դարձաւ Գալիֆորնիան մանաւանդ Լոս Անճլըս քաղաքը որ Սփիւռքի ամենէն
հայահոծ եւ ուժեղ հայ գաղութն է ներկայիս , ուր կը գործեն բազմաթիւ տպարաններ հրատարակչատուներ
, կը հրատարակուին թերթեր ու գիրքեր կը բացուին դպրոցներ , ակումբներ , գրական ու մշակութային
ընկերութիւններ:
Լոս Անճլըս-ը Սփիւռքի բաբախող սիրտն է ներկայիս սակայն չմոռնանք
որ այդ դերին մէջ հիմնական գործը կատարողը Սուրիայէն, Լիբանանէն, Եգիպտոսէն, Թուրքիայէն
եւ Հայաստանէն նոր գաղթածներն են :
Հարաւային Ամերիկան շատ աննշան դեր ունեցաւ
սփիւռքահայ գրականութեան զարգացման մէջ:
1960-ական թուականներուն Հայ գաղութ կազմաւորուեցաւ
Գանատայի Մոնրէալ քաղաքին մէջ : Մոնրէալի մէջ ունինք ամէնօրեայ դպրոցներ եւ հրատարակութիւններ:
Մոնրէալի «Հորիզոն» թերթը , իր շաբաթական յաւելուածով , գրական շրջանակի մը մօտ յաջողեցաւ
հետաքրքրութիւն ստեղծել: