2010-10-27 13:25:00

Ամենապատիւ Եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքի Գահակալութեան 11-րդ Տարեդարձին Առթիւ Տօնակատարութիւն։


Հռոմի Լեւոնեան քահանայապետական հայ վարժարանէն ներս, Շաբաթ 23 հոկտեմբեր (2010-ին) երեկոյեան, տեղի ունեցաւ ամենապատիւ եւ գերերջանիկ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց կաթողիկոս պատրիարքի գահակալութեան 11-ամեակի տօնակատարութիւնը։ Տօնակատրութեան ներկայ էին հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ սիւնոդոսական հայրերը, վարժարանին մեծաւորը եւ փոխ մեծաւորը, վարդապետներ եւ վարժարանին ժառանգաւորները:
 Կարկանդակի բեկանումէն ետք, հոգեւոր տէրը իր սրտին խօսքը հաղորդեց ներկաներուն, շեշտելով քահանային սուրբ կենցաղին, խոնարհութեան եւ աղօթասիրութեան մասին:
Յիշենք, որ բոլոր հայ կաթողիկէ եկեղեցիներուն մէջ յատուկ աղօթքներ բարձրացան վասն Հայրապետին։
 Ռատիովատիկանի Հայերէն հայորդումներու անձնակազմը այս առթիւ կը շնորհաւորէ եւ իր բարեմաղթութիւնները կը յայտնէ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ։







All the contents on this site are copyrighted ©.