2010-10-26 13:10:37

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Գործունէութիւնը։


Նորին Սրբութիւնը Երկուշաբթի 25 հոկտեմբերին, իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Սէյշէլի հանրապետութեան նախագահը տիար Ճեյմս Միշել։
Վատիկանի մամլոյ գրասենեակը, մամուլին հետ ունեցած ելոյթով, յայտարարեց թէ Սրբազան Քահանայապետի եւ Սեյշէլի նախագահի հանդիպումը եղաւ սիրալիր։ Անոնք ընդգծեցին անհրաժեշտութիւնը միասնաբար համագործակցելու ՜՜մարդու արժանաւորութեան յանձնառումին՝՝համար, մասնաւորապէս այն ինչ որ կը հայի ՜՜Ընտանիքին, նոր սերունդին դաստիարակութեան եւ բնապահպանութեան՝՝։
Նշենք թէ ասիկա երկրորդ անգամն է որ Սրբազան քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ կ'ընդունի նախագահ Ճեյմս Միշելը։ Ան 2004-էն ի վեր նախագահն է Ովկեանոսի հնդկական կղզեխումբին, որուն բնակչութեան 90 տոկոսը կաթողիկէ են։ 







All the contents on this site are copyrighted ©.