2010-10-26 13:24:11

Հայաստանի Վարչապետը Իրանի Մէջ։


Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան երկօրեայ այցելութեամբ Իրան կը գտնուի, ուր հանդիպում ունեցաւ Իրանի Հանրապետութեան փոխ-նախագահ Մոհամետ ռեզա Ռահիմիի հետ։ Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են երկկողմանի հարցեր։ Երկու անձնաւորութիւններուն միջեւ կայացած դռնփակ նիստէն ետք կայացած է վարչապետին ընկերակցող պատուիրակութեան եւ իրանեան բարձրաստիճան պաշտօնատարներու միջեւ ընդարձակ զրոյց մը։
Վարչապետ Սարգսեանին կ՝ընկերակցին Հայաստանի կառավարութեան աշխատակազմի ղեկավար Դաւիթ Սարգսեան, ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարար Արմէն Մովսիսեան, կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեան, տնտեսութեան նախարար Ներսէս Երիցեան, առողջապահութեան նախարար Յարութիւն Քուշկեան, սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, արտաքին գործոց փոխնախարար Արման Կիրակոսեան եւ այլ անձնաւորութիւններ։ Ըսենք որ Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ ապրանքա-շրջանառութեան տարողութիւնը միջին հաշուով տարեկան 200 միլիոն տոլար է։







All the contents on this site are copyrighted ©.