2010-10-26 13:11:33

Կարտինալ Թորան Նոյեմբերին Հովուական Այցելութիւն Պիտի Կատարէ Կեդրոնական Ասիա։


Յառաջիկայ 7 նոյեմբերին, կարտինալ Թոռան` նախագահը միջկրօնական քահանայապետական խորհուրդին, հովուական այցելութիւն կը կատարէ Իրան եւ Փաքիստան։ Իրանի մէջ, կարտինալը մէկ շաբաթ պիտի անցնէ եւ որուն ընթացքին կրօնական եւ քաղաքական առաքելութիւն մը պիտի կատարէ։ Ան մասնաւորապէս պիտի այցելէ ՜՜Գոմ՝՝ սուրբ քաղաքը շիիթ իսլամներու համար։ Ապա պիտի ուղղուի Փաքիստան, այլ իսլամ պետութիւն մը, ընդառաջելով՝տեղւոյն եպիսկոպոսական դասին։ Միջին Արեւելքի եպիսկոպոսական սիւնոդոսին ընթացքին կարտինալ Թոռան իր կատարած միջամտութեան ընթացքին, քաջալերեց արեւելքի քրիստոնեաները որ երկչոտ չըլլան եւ պահանջեն ոչ միայն պաշտամունքի ազատութիւն այլ եւ կրօնական ազատութիւն իսլամ հողին վրայ։







All the contents on this site are copyrighted ©.