2010-10-26 13:11:00

Գերապայծառ Ռինօ ֆիզիքելլա Իր Գոհունակութիւնը Կը Յայտնէ 2012-ին Գումարուելիք ''Նոր Աւետարանութիւն'' Սիւնոդոսի Նիւթին Համար։


Ի լուր 2012ին գումարուելիք եպիսկոպոսական սիւնոդոսին, որ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը յայտարարեց Միջին Արեւելքի եպիսկոպոսական սիւնոդոսի աւարտին, առնելով որպէս նիւթ ''Նոր Աւետարանութիւնը'' Գերապայծառ Ռինօ ֆիզիքելլա` նախագահը աւետարանութեան քահայանապետական նոր խորհուրդին, որակեց Սրբազան Հօր այս նախաձեռնութիւնը որպէս ''Մեծ Աւետիս'' եւ իր հիացումը յայտնեց որ Սրբազան Հայրը այնքան կարեւորութիւն կու տայ նոր աւետարանութեան քարոզութեան համար։ Ռատիովատիկանի հետ ունեցած ելոյթով ան ըսաւ թէ ժամը հնչեց դրական պատասխան մը տալու աշխարհականացումին, որ գնահատումով չի հայիր միայն Եկեղեցւոյ այլ եւ Մշակոյթին։ Ան Յայտնեց թէ բազմաթիւ աշխարհականներ իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն եպիսկոպոսական սիւնոդոսին։
 







All the contents on this site are copyrighted ©.