2010-10-26 13:11:52

՜՜ՎԷՄ՝՝ Համահայկական Հանդէսի Հերթական Համարը


Լոյս տեսաւ ՜՜Վէմ՝՝ համահայկական հանդէսի 2010 թուականի թիւ 3(31)-ը՝ աւելցած ծաւալով (238 էջ), գունաւոր նկարներով ու ֆոթոփաստաթուղթերու հարուստ հաւաքածոյով։
Հրատարակութեան մէջ տպագրուած ուսումնասիրութիւններուն մէկ մասը նախորդ համարներէն սկսած յօդուածաշարերու շարունակութիւնն է։ Մասնաւորապէս, տպագրուած է փրոֆ. Ա. Ստեփանեանի ՜՜Քաղաքակրթական հաւասարակշռութիւնը Մեծ Հայքում՝՝ ուսումնասիրութեան երրորդ մասը, որը նուիրուած է Արտաւազդ Բ.ի կառավարման դարաշրջանին, իսկ Վաւերագրեր բաժնին մէջ կը շարունակուի ՀՅԴ Մեծ դատավարութեան փաստաթուղթերու հրապարակումը։
Ուշագրաւ է փրոֆ. Ս. Դանիէլեանի ՜՜Օտարագիր գրականութեան հիմնախնդիրների՝՝ շուրջ ծաւալուն հրապարակումը, որը նուիրուած է Սփիւռքի մէջ տարբեր օտար լեզուներով ստեղծագործող հայազգի գրողներու ու բանաստեղծներու հարուստ գրական ժառանգութեան քննութեան։
Վէմի ներկայ թիւ 3-էն՝ սկսած է մէկ այլ հետաքրքրական յօդուածաշարի հրապարակումը՝ ՜՜Հայոց միջնադարի ազատագրական լեգենդը՝՝ (հեղինակ՝ Վարդան Դեւրիկեան)։ Ատիկա հայ ազատագրական մտքի ակունքներու նորովի ուսումնասիրութեան փորձ է՝ հայ պատմիչներու եւ եւրոպացի ուղեգիրներու աշխատութիւններու քննութեան միջոցով, որու առաջին բաժինը նուիրւած է հայ-հռոմէական դաշինքի պատմութեան գրական սկզբնաղբիւրներու հետազօտութեան։
Մէկ շունչով կ՝ընթերցուի արուեստաբան Ռուբէն Անգալադեանի ՜՜Արեւմուտքն ու Արեւելքը Մարտիրոս Սարեանի արուեստում՝՝ յօդուածը, որը մեծ նկարիչին հարուստ ժառանգութիւնը լայն քաղաքակրթական հենքի վրայ քննելու եւ հայ ազգային մշակոյթին մէջ առկայ գեղարուեստական սինթեզի սարեանական մեթոտաբանութիւնը բացայայտելու փորձ է։

Ոչ միայն գիտական, այլ՝ քաղաքական կարեւորութիւն ունի Անահիտ Աստոյեանի Հայերի ունեզրկման գործընթացն Օսմանեան կայսրութիւնում 1915-1923թթ. ծաւալուն ուսումնասիրութիւնը եւ մանաւանդ՝ անոր կցուած նախքան Եղեռնը արեւմտահայ իրականութեան մէջ գործող օտարերկրեայ ապահովագրական ընկերութիւններու ու դրամատուներու ցանկը։ Հեղինակը յաջողած է պարզել 35 օտարերկրեայ ապահովագրական ընկերութիւններու ու դրամատուներու անուններ՝ համապատասխան գովազդային յայտարարութիւններով, որոնք իրենց հայ գործակալներու միջոցով ահռելի ֆինանսական միջոցներ կորզած են արեւմտահայութիւնէն եւ ապա՝ անհետացել ասպարէզէն։
Վէմի 2010թ. թիւ 3(31)-ին մէջ տեղ գտած են նաեւ այլ ուշագրաւ հրապարակումներ՝ Ղարաբաղեան հիմնահարցի պատմական ակունքներու, Սեւրի դաշնագրի 90-ամեակի, Երկրորդ աշխարհամարտի աւարտին՝ 1945 թուականին, Հայկական հարցի վերաբացման 65-ամեակի եւ այլ իրադարձութիւններու վերաբերեալ։
 
  







All the contents on this site are copyrighted ©.