2010-10-26 13:28:54

2010ը Հայ Կնոջ Տարին ։
Աշխարհ Եկող Մանուկը Եւ Հայ Մայրիկը։


Ծնողաց պարտականութիւնները իրենց նորածինին հանդէպ կը սկսին յղութիւնը նախորդող եւ նոյնիսկ յղութենէն առաջ ու յղութեան շրջանին, ծնունդէն ալ առաջ, բայց մանաւանդ Աստուծոյ կամքին օրհնեալ միջամտութեամբ եւ ծնողաց մասնակցութեամբ երբ լոյս աշխարհ կուգայ իրենց նորածինը՝ ծնողաց պարտականութիւններն ու պարտաւորութիւնները կը բազմապատկուին ու կը քառապատկուին եւ այս կը շարունակուի մինչեւ վերջ։
Ծնողական սրբազան պարտաւորութեանց գիտակից եւ նախանձաւոր ծնողներ՝ լրջութեամբ, համբերութեամբ եւ պատրաստակամ անհուն զոհաբերութեամբ կատարելու են իրենց յանձնառութիւնները եւ հոգալու են ո՛չ միայն իրենց նորածինին սնունդը, հագուստ-կապուստը, չխնայելով ոչ մէկ խնամք եւ գուրգուրանք այլեւ՝ վերահաս աչալրջութեամբ հետամտելու են անոնց հոգեմտաւոր կրթութեան, կրօնաբարոյական դաստիարակութեան հոգեւոր կեանքի եւ արժէքներու մշակման ու ձեռքբերման։
Այսպէս նորածինի մը ֆիզիքական խնամքին եւ աճման հետ մէկտեղ, զուգահեռ ջամբուելու են հոգեւոր սնունդ եւ բարոյական արժէքներ, որպէսզի երախան ոչ միայն հասակաւ աճի, այլեւ հոգիով ու մտքով հասուննայ, կազմաւորուի, նկարագիր կերտէ եւ ճշմարիտ, իրաւ Մարդ դառնայ՝ օգտակար իր շրջապատին, ընկերութեան, պատկանած ազգին եւ մարդկութեան,եւ այս բնագաւառներէ ներս ամենայատկանշական պարտականութիւնը կ՝իյնայ մայրիկին,նախ քան հայրիկը եւ անշուշտ թէ հայրիկին ալ։ ։

Բարեպաշտ ծնողաց աղօթանուէր հոգեւոր կեանքը եւ ընտանեկան ջերմ սիրով զեղուն մթնոլորտը, օգտակար եւ դրական ազդեցութիւն կրնան ունենալ հասակ առնող մանկան հոգեբանութեան, հոգեմտաւոր աճման եւ ֆիզիքական առողջ կազմաւորման ու զարգացման ընթացքին։ Որով նորածին մանուկ մը մայրական կաթին հետ նաեւ պէտք ունի աղօթքի։ Գուրուրացող ծնողքի մը ու յատկապէս մօր մը լռելեան կամ բարձրաձայն աղօթքները իր մանկան համար մեծ նշանակութիւն եւ ազդեցութիւն կրնան ունենալ։







All the contents on this site are copyrighted ©.