2010-10-25 13:14:19

Սիւնոդհոսին Փակման Հանդիսութիւնը Եւ Սիրոյ Սեղան, Վատիկանի մէջ


Շաբաթ 23 հոկտեմբեր 2010-ին տեղի ունեցաւ Միջին Արեւելքի համար յատուկ սինոդհոսին փակման հանդիսութիւնը:
Առաւօտուն սինոդհոսական հայրերը մասնակցեցան վերջին երկու նիստերուն կատարելով յատուկ ընտրութիւններ, որոնք պիտի յայտարարուին պաշտօնականօրէն Վատիկանի կողմէ:
Անկէ ետք, բոլոր հայրերը հրաւիրուեցան քահանայապետին հետ մասնակցելու եղբայրական ագապին, որուն ընթացքին քահանայապետը խօսք առնելով շեշտեց այս գեղեցիկ սովորութեան մասին, յիշելով երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապը, որուն օրով սկսած են բոլոր սինոդհոսները փակել եղբայրական ագապով:

Քահանայապետը յատուկէն շնորհակալութիւն յայտնեց զանազան գրասենեակներու մէջ աշխատող անձերուն (յիշենք տիրացու Հրայր Զահթէրեանը եւ եղբ. Ղազար Պետրոսեանը,  Հռոմի ք. Լեւոնեան հայ վարժարանէն, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերած էին ընդհանուր քարտուղարութեան գրասենեակէն ներս), որոնք կարողացան երկու շաբթուան ընթացքին մինչեւ ուշ գիշերներ հսկելով պատրաստել բոլոր թղթածրարները: Ան նաեւ ըսաւ թէ սուրբ Հոգիին ներկայութիւնը շատ կարեւոր էր բոլոր նիստերուն ընթացքին, որովհետեւ ան լուսաւորեց մեր միտքերը, որպէսզի աշխատինք մեր եկեղեցիներուն եւ մեր հաւատացեալներուն բարիքին համար:
Քահանայապետը եզրափակիչ խօսքով մը բոլոր եպիսկոպոսներէն եւ քահանաներէն խնդրեց, որ ՜՜խաղաղութիւն՝՝ տանին իրենց հետ դէպի իրենց քաղաքները ու տան հաւատացեալներուն: Ինչպէս նաեւ խնդրեց, որ աշխատին գործադրել եւ իրականացնել իրենց փափաքները, որոնք արտայայտեցին ժողովներուն ընթացքին:

«Եկեղեցին՝ մէկ, հաւաքուած է հոս, գացէ՛ք եւ խաղաղութեամբ շարունակեցէ՛ք ձեր գործերը» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը:
Ագապին ընթացքին, յատուկէն ելոյթ ունեցաւ եղբ. Ղազար Պետրոսեան «O sole mio» երգով, եւ որուն աւարտին  քահանայապետին յատուկ շնորհաւորութեան արժանացաւ:







All the contents on this site are copyrighted ©.