2010-10-24 09:38:10

Սուրբ Հոգին է իսկական դերակատարը այս սիւնհոդոսին


Սուրբ Հոգին է իսկական դերակատարը այս սիւնհոդոսին



Միջին Արեւելքի յատուկ սիւնհոդոսին ընթացքին, Կիպրոսի մարոնիներու առաջնորդ Եուսէֆ Սուէֆ արքեպիսկոպոսը յայտարարած է, թէ սուրբ Հոգին է իսկական դերակատարը այս սիւնհոդոսին։ Իր յատուկ քարտուղարի պաշտօնին մասին խօսելով, ան կը սահմանէ թէ անմիջական օգնականն է սիւնհոդոսի ընդհանուր ատենադպիրին՝ Անթօնիոս Նակիպ Աղեքսանդրիոյ պատրիարքին։ Սուէֆ արքեպիսկոպոսը կ՛աւելցնէ, թէ այս սիւնհոդոսին մէջ ամէնէ կարեւորը՝ մասնակցող հայրերուն ըսածներն են, եւ ինչ որ սուրբ Հոգին կ՛ըսէ իրենց բերնով։



Միւս կողմէն, Աղեքսանդրիոյ կաթողիկէ ղպտիներու Անթօնիոս Նակիպ պատրիարքը յայտարարուեցաւ որպէս կարդինալ։ Տուչութիւնը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 20 նոյեմբեր 2010-ին։ Ան իր մէջբերումին մէջ նշած է. «Քահանաներուն բարի կամ վատ վարք ու բարքը կախում չ՛ունի անոր ամուսնացեալ ըլլալէն։ Ինչ որ կարեւոր է, - կ՛աւելցնէ ան-, յառաջ տանիլ ներդաշնակութեամբ եւ հաւատարմութեամբ կարգապահութիւնը՝ անձի մը կոչումին»։








All the contents on this site are copyrighted ©.