2010-10-24 09:57:43

Նախագահ Ուիլսընի Նուիրուած Հռչակագիր՝ Նոյեմբեր 19ին


Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Տենիս Զայն կը տեղեկացնէ, թէ Միացեալ Նահանգներու 28րդ նախագահ Ուուտրօ Ուիլսընի ձգած քաղաքական ժառանգութեան հարիւրամեակը նշելու նպատակով, յառաջիկայ Նոյեմբեր 19ին, առաւօտեան ժամը 10ին, քաղաքապետութիւնը պիտի հրապարակէ հռչակագիր մը, ուր յատուկ յիշատակման պիտի արժանանայ վերջերս նախագահ Ուիլսընի ընտանիքի շառաւիղներէն Տանըլտ Ուիլսըն Պուշի նախաձեռնութեամբ կազմուած Ուուտրօ Ուիլսընի ժառանգութեան հիմնադրամը։







All the contents on this site are copyrighted ©.