2010-10-24 09:36:01

ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆԸ


ԿԻՐԱԿԻ 24 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2010
է Կիրակի Խաչէն ետք - Մատթէոս 24, 27-36
Խաչ եւ միշտ խաչ...

Ահա չորրորդ Խաչի տօնը, Խաչի գիւտին տօնը Սրբուհի Հեղինէի կողմէ, որ կու գայ փակել այս տարուայ տօնակատարութիւնները Սուրբ Խաչի շուրջ. Ինչու՞ արդեօք մեր նախնիք այդքան ջերմեռանդ եղած են խաչի հանդէպ. անոնք նոյնիսկ մեր երկրի մէն մի անկիւնի մէջ խաչեր փորագրած են քարի վրայ։ Մեր խաչքարերը աննման կոթողներն են ոչ միայն մեր ժողովուրդի արուեստին ու մշակոյթին՝ այլ մասնայատուկ կերպով՝ կնիքն ու դրոշմը կը հանդիսանան Հայու քրիստոնէական պատկանելիութեան մշտատեւ նկարագրին։
Խաչքարը խոր նշանակութիւն մը ունի. Ան կը յայտնէ աննկուն ու ժայռի նման տոկուն հաւատքը հայ ժողովուրդին՝ հանդէպ Քրիստոսի եւ իր փրկութեան գործիքին, Սուրբ Խաչին։ Շրջապատուած քրիստոնէութեան թշնամի ազգերէ եւ յաճախ ընկճուած անոնց լուծին տակ՝ խաչքարերու կերտումով Հայ ազգը ուզած է յաւերժացնել Վարդանանց եւ Ղեւոնդեանց յայտարարութիւնը ընդդէմ Պարսից արքային։
Այո, դուն կրնաս իշխել մեր մարմիններուն վրայ, մեզ ենթարկել ամենածանր հարկերուն, նոյնիսկ կրնաս գերի դարձնել մեզ, սակայն այս հաւատքը որ ունինք մենք Քրիստոսի հանդէպ երբեք չես կրնար խլել մեր սրտերէն. ազգովին կը հպատակինք քեզի, բայց չենք ընդգրկեր քու կրօնքդ։]
Սակայն մենք ԻԱ. դարու Հայերս, հարց տանք մենք մեզի. Խաչը այսօր տակաւին մեր նշա՞նն է արդեօք։ Չի բաւեր միայն խաչակնքել, սուրբ պատարագի եւ զանազան արարողութիւններու ընթացքին, չի բաւեր մեր վզին խաչ անցնել։ Մեր հաւատքր Սուրբ Նշանին հանդէպ աւելի խորունկ ըլլալու է։
Խաչը կրել կը նշանակէ ընդունիլ որպէս միակ տէր եւ փրկիչ՝ Յիսուս Քրիստոսը։ Կը նշանակէ պարծենալ անորմով երբ որ հարկ է, առանց վախի, առանց ամչնալու։ Կը նշանակէ մերժել ուրիշ տեսակ պաշտամունք, մանաւանդ՝ խորշիլ արդի աշխարհի նիւթապաշտութենէն։ Կը նշանակէ Վերջապէս ընդունիլ կեանքի ընթացքին բոլոր նեղութիւններն ու դժուարութիւնները, Քրիստոսի սիրոյն համար։
Այսպէսով հաստատ կը մնանք մեր սուրբ հաւատքին մէջ եւ արժանի կ՚ըլլանք մեր խաչապաշտ նախնիքներուն եւ հայրերուն շառաւիղները հանդիսանալու։
Այսպէսով խաչը կ՚իշխէ մեր անձերուն, մեր ընտանիքներուն ու մեր բոլոր ազգին վրայ ու կը պաշտպանէ մեզ հոգեկան ու մարմնական ամէն վտանգէ. Ամէն։







All the contents on this site are copyrighted ©.