2010-10-22 14:08:36

Տիկ. Զուարթ Նաճարեան Կը Գնահատուի Յուշանուէրով Հայկական Քարիդասի 15-ամեակին


Հայաստանի մէջ կայացած «Զէրօ աղքատութիւն» ծրագրին եզրափակիչ շաբաթը (հոկտեմբերի առաջին շաբաթը), Հայաստան ժամանած էին 20 երկիրներու պատկանող Քարիդասներու տնօրէններ կամ ներկայացուցիչներ, գլխաւորութեամբ Քարիթաս Եւրոպայի նորընտիր ընդհանուր քարտուղար՝ Խորխէ Մայըրի։ Այս առիթով տեղի ունեցաւ հայկական Քարիդասի հիմնադրութեան 15-ամեակը, Երեւանի «Քոնկրէս» պանդոկի համագումարներու դահլիճին մէջ, ուր տարբեր միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ զեկուցեցին աղքատութեան մասին Հայաստանի մէջ։ Ինչպէս նաեւ խօսք առաւ տիկին Զուարթ Նաճարեան, որ պարզեց հիմնադրութեան պայմանները եւ նպատակները։ Հանդիսութեան աւարտին, տիկ. Նաճարեան գնահատուեցաւ 15-ամեակի յուշանուէրով, ապա տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն եւ ընթրիք այս առիթով:

 

 







All the contents on this site are copyrighted ©.