2010-10-22 13:53:15

Նոր գիրքի Հրատարակութիւն -


Edizioni Guerini e Associati հրատարակչատունը մօտ օրէն պիտի հրատարակէ նոր գիրք մը Մորկընթաու դեսպանի օրագրութիւնը վերնագրով



Մորկընթաու դեսպանի օրագրութիւնը - Հէնրի Մորկընթաու եղած է Դեսպան` Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն` Կ. Պոլսոյ մէջ 1913-էն մինչեւ 1916։

Մորկընթաու-ի օրագրութիւնը, հրեայ ամերիկացի ծնած Գերմանիա, կը կազմէ անհրաժեշտ վաւերաթուղթ մը քսաներորդ դարու առաջին Մեծ Եղեռնի ճանաչման, որ կատարուեցաւ այն թրքահայերու դէմ որոնք Օսմանեան կայսրութեան «Երիտասարդ Թուրքերու» վարչաձեւի տակ էին:

Իր օրագրութեան մէջ, դեսպանը կը նկարագրէ ճշգրիտ ու կենսունակ ձեւի մէջ մեծ անձնաւորութիւններու հետ ունեցած իր հանդիպումները, թրքական քաղաքական ռազմագիտութիւնները, միջազգային խառնաշփոթ իրավիճակը առաջին համաշխարհային պատերազմին եւ կը հայթայթէ նաեւ մեկնողական բանալիները բնաջնջման հիմնուած իրաւունքներուն եւ հետեւանքներու վրայ, որուն զոհ գացին քիչ թէ շատ երկու միլիոն թրքահայեր:

Հատորը կը բաղկանայ գրէթէ 400 էջերէ, իտալերէն լեզուով, օժտուած ընդարձակ ժամանակաշրջանի լուսանկարչական ապացուցումէն, եւ պիտի հրատարակուի Նոյեմբեր 2010-ի վերջերը կրկնակի հրատարակութեամբ:

Պարզ խաւաքարտէ կողքով տպագրութիւն մըն է, յատուկ եւ արժէքաւոր տպագրութիւն մը, սահմանափակ տպաքանակով, կազմուած՝ խաւաքարտապատ կողքով եւ զետեղուած տուփի մը մէջ:

Այս տպագրութեան վսեմ նպատակն է, նեցուկ կանգնիլ հայ ժողովուրդի մշակոյթին եւ յիշատակին եւ միեւնոյն ժամանակ թանկարժէք վկայութիւն ընծայել գլխաւոր դերակատարի մը անցեալ դարու պատմութեան։







 








All the contents on this site are copyrighted ©.