2010-10-22 14:01:38

Հայր Վահան Օհանեանի Իտալերէն-հայերէն նոր բառարանի Շնորհանդէս-Երեւան


Չորեքշաբթի, 20 հոկտեմբերի 2010, Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ եւ հովանավորութեամբ տեղի ունեցաւ իտալերէն-հայերէն բառարանի շնորհանդէսը, Երեւանի մէջ: Այս նոր բառարանին հեղինակն է գերապատիւ հայր Վահան Օհանեան առաջնորդ՝ արեւելեան Եւրոպայի եւ Հայաստանի կաթողիկէ հայոց:

Շնորհանդէսին մասնակցեցան Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Հակոբեանը, Իտալիայի դեսպան Պրունօ Սկապինին եւ պաշտօնատար այլ անձնաւորութիւններ:

Այս առիթով կայքէջիս տնօրէնութիւնը իր բարեմաղթութիւնները կը փոխանցէ հայր Վահան Օհանեանին, մաղթելով որ այս նոր բառարանը տեղադրուի նաեւ մեր կայքէջին վրայ:








All the contents on this site are copyrighted ©.