2010-10-22 13:56:46

 Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութեան ընդհանուր Մեծաւորուհի Մայր Եւտոքսիա Քէշիշեանի մեկնութիւնը Միջին Արեւելքի Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսի մասին։ Հոկտեմբեր 10-էն 24-2010


Այս, երկրորդ շաբաթն է որ Միջին Արեւելքի Ընդհանուր Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսը սկսած է։

Եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով է որ Միջին Արեւեքը՝ Ընդհանուր Եկեղեցւոյ եւ ամբողջ աշխարհի ուշադրութեան նիւթ կ՝ըլլայ։

Նորին Սրբութիւնը, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը՝ 2009¬ի Երուսաղէմ կատարած այցելութեան՝ իսկապէս մօտէն կը շօշափէ ու կը զգայ Քրիստոնեաներու տագնապը, քաղաքական անկայուն, անապահով վիճակը, սրբավայրերու յանկարծ օտար ձեռքերու իյնալու վտանգը եւ քրիստոնեաներու գաղթը՝ օտար երկիրներ։

Սրբազան Պապը՝ ներշնչուած Եպիսկոպոսներու առաջարկէն՝ կ՝որոշէ ու կը յայտարարէ սոյն Մեծ Սիւնհոդոսը՝ Միջին Արեւելքի Եպիսկոպոսներուն։

Սոյն ժողովներուն՝ բացառիկ կշիռք ունին մանաւանդ բոլոր համայնքներու Պատրիարքները՝ Հայ, Յոյն, Մարոնիդ, Ասորի, Ղպտի, Գաղթեացի, Լատին համայնքի եպիսկոպոս¬կարդինալներ՝ որոնք յատուկ առաքելութիւն ունեցած են՝ բարեսիրական, մարդասիրական կազմակերպութիւններով. Կարդինալ, Եպիսկոպոս կամ աշխարհիկ պատասխանատուներ՝ Արեւելեան Եկեղեցիներու նախագահ՝ Կարդինալ Սանտրի, իր գրասենեակի կազմով։

Ծանր ու շատ են նիւթերը պատմական այս ժողովներուն. նախ գաղթը, ինչպէս յիշեցինք, քրիստոնեաներուն՝ դէպի Եւրոպա, Միացեալ Նահանգներ, պատճառ՝ երկրին անապահով կացութիւնը, բախումները Հրեայ¬Պաղեստինցիի, տնտեսական տագնապ...արեւանգում։ Ու՞ր, որո՞ւ թողուլ Սուրբ Երկիրը՝ Բեթղեհեմը՝ Քրիստոսի Ծննդավայրը, Երուսաղեմը, Քրիստոսի թաղման վայրը՝ գերեզմանը, Յարութեան՝ մահուան վրայ տարած փառաւոր Յաղթանակի Վայրը եւ ընդհանուր Սուրբ Երկիրը՝ ուր 33 տարի շրջեցաւ, քարոզեց, հրաշքներ գործեց, Աստուծոյ թագաւորութիւնը քարոզեցին։ Ինչպէս կեցնել մանաւանդ քրիստոնեաներու Գաղթը՝...։ Բացի այս մեծ մտահոգութենէն, յանկարծակի անակնկալ բախումները ԻսրայեԼ¬Պաղեստինցիի։ Արաբական երկիրներու Քրիստոնեայ¬Իսլամի հարցերը՝ խառն ամուսնութիւնները, երբեմն եկեղեցի կառուցանելու արգելքը...։ Բացի այս մտահոգութիւններէն, նաեւ Քրիստոնեաներու գաղջութիւնը, անտարբերութիւնը՝ իրենց կրօնը ապրելու...։ Եկեղեցիներու պարպուիլը, կրօնափոխ ըլլալու դիւրութիւնը, դպրոցներէն ներս անշուշտ այն աշակերտութիւնը որ կը յաճախէ պետական կամ Լայիք վարժարաններ, նոր սերունդին անտարբերութիւնը, տգիտութիւնը՝ իր դաւանանքին հայող...։ Կարգ մը երկիրներու մէջ զանազանութիւնը, խտրականութիւնը Իսլամի¬Քրիստոնեայի։
Կոչումներու նուազիլը ըլլայ Քահանայական, ըլլայ իգական սեռի...։

Ներկայ Սիւնհոդոսը՝ ժողովուրդին՝ հաւատացեալին օգտակար ըլլալու նպատակով, համար, Ժողովներու նիւթ եւ հարց կը դնէ դպրոցներէն ներս լուրջ աշխատանք տանիլ Կրօնի ուսուցման... առ այդ Քրիստոնէական վարդապետութիւնը, Աւետարանի մեկնաբանութիւնը լաւագոյն ձեւով աւանդելու, ներկայացնելու որակաւոր Ուսուցիչներ պատրաստուին եւ մասնագիտանան։ Յատուկ ծրագիր իրագործուի Աւետարանը ներկայացնելու. Սուրբ Գիրքը՝ մասնագէտ վարդապետներու առաքելութիւնը ըլլայ։ Ձայնասփիւռէն, Հեռատեսիլէն ելոյթներ, ծրագրեր սփռուին եւ դպրոցներէն ներս՝ որակաւոր մասնագէտ ուսուցիշներու յանձնուի կրօնի դասաւանդութիւնը։

Եկեղեցւոյ՝ Սիւնհոդոսի նպատակը Առաջին Քրիստոնեաներուն Հոգին տալ է, ինչպէս որ Առաքեալներու Գործերուն մէջ կը կարդանք.
«Եւ Հաւատացեալները մէկ սիրտ, մէկ հոգի էին,
ամէն ինչ հասարակաց էր...իմս...քուկդ,,,չկար»։

Այս ուղղութեամբ՝ այս հոգիով ամէն օր Առաւօտեան՝ ժողովը կը սկսուի ժամերգութեամբ եւ ընդհանրապէս Սրբազան Պապի նախագահութեամբ...։ Ժողովականները շուրջ 500 հոգի են. Սիւհոդոսական Հայրերը՝ ամէն օրուայ տրուած տեղեկութիւններով կը հաշուուին 159-170 եպիսկոպոս...։

Բացառիկ կազմակերպութիւն, բացառիկ լուրջ աշխատանք...Քրիստոնեաներու Միութեան, աշխարհի Խաղաղութեան։
Լաւագոյն մաղթանքներով։







All the contents on this site are copyrighted ©.