2010-10-21 14:49:33

Միջին Արեւելքի Կաթողիկէ Եկեղեցիներու Յատուկ Սիւնոդոսի Նիստը Այսօր Սկիզբ Առաւ Հայածէս Առաւօտեան Ժամասացութեամբ։


Այսօր 21 հոկտեմբեր 2010ի՝ առաւօտեան նիստը, յատուկ նշանակութիւն ունէր հայ եկեղեցւոյ նուիրապետութեան համար։ Առաւօտեան Ժամերգութիւնը կատարուեցաւ Հայ Ծէսի համաձայն եւ սիւնոդոսի սրահէն ներս հայերէն լեզուով աղօթքներ եւ սաղմոսներ բարձրացան առ Աստուած։
Ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ պատրիարքի նախագահութեամբ՝ սկիզբ առաւ ՜՜Երրորդ Ժամու ժամասացութիւնը՝՝ զոր կատարեցին Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ սիւնոդոսական Հայրերը մասնակցութեամբ Լեւոնեան Հայ Վարժարանի Տնօրէնութեան անձնակազմին եւ ժառանգաւորներուն։
Աղօթքէն ետք սկիզբ առաւ աշխատանքային նիստը, որուն ընթացքին ներկայացուեցան սիւնոդոսական հայրերու կողմէ այս օրերու նիստի ընթացքին ներկայացուած առաջարկներու ցանկը (թիւով 194) որ համադրուած էին 41 հատուածներով թղթածրարի մէջ, եւ որոնք ենթարկուեցան սիւնոդոսական հայրերու վերջնական ուսումնասիրութեան եւ քուէարկութեան։
Առաջարկներու ցանկին ներկայացումէն ետք, խօսք տրուեցաւ քոյր եկեղեցիներու չորս ներկայացուցիչներուն որոնց շարքին նշենք Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Բարթողոմէոս Պատրիարքի ներկայացուցիչ՝ գերապայծառ Ատամաքիս Էմմանուէլը, որ իր խօսքին մէջ մատնանշեց թէ՝ աշխատանքային թղթածրարի (յունիս 2010) Կիպրոսի մէջ յանձնումը նշանակալից էր, որով այս թղթածրարը չէ ուղղուած միայն կաթողիկէ աշխարհին այլ նաեւ՝ օրթոտոքս եկեղեցւոյ հաւատացեալներուն։
Գերապայծառ Ատամաքիս նշեց նաեւ՝ եկեղեցւոյ համամիութեան կարեւորութիւնը, յոյս յայտնելով որ մօտ ապագայի եկեղեցական համամիութիւն մը կարենայ նպաստել յաւերժացնելու քրիստոնեաներու գոյատեւման, Միջին Արեւելքի մէջ։

Ատամաքիս մետրապոլիթէն ետք՝ խօսք առաւ Կիպրոսի Քրիզոստոմոս Բ. Արքեպիսկոպոսի ներկայացուցիչ՝ Տէր Տէմոսդոնիս Տէմոսդէնոուսը, որ կոչ ուղղեց Տիեզերական եկեղեցւոյ, օգնութեան հասնելու՝ Կիպրոսի քրիստոնեաներուն խնդրելով Թուրք բռնագրաւող զինեալ ուժերու հեռացումը եւ կղզիին ազատագրումը։

Իսկ յետ միջօրէի նիստերը յատկացուեցան լեզուական խումբերու՝ որոնք ուսումնասիրեցին ու քննարկեցին առաջարկներու թղթածրարի պարունակութիւնները։ 







All the contents on this site are copyrighted ©.