2010-10-21 14:49:21

Մամուլը պէտք է աւելի խօսի Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու մասին եւ մասնաւորապէս ճանչցնէ անոնց իրավիճակը, կ'ըսէ Վատիկանի մամլոյ գրասենեակի տնօրէնը:


Վատիկանի մամլոյ գրասենեակի տնօրէնը` Յիսուսեան հայր ֆետերիքօ Լոմպարտին բաղձանք յայտնած է որ մամուլը աւելի խօսի Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու մասին եւ մասնաւորապէս ճանչցնէ անոնց իրավիճակը։
Վատիկան գումարուող Միջին Արեւելքի եպիսկոպոսական սիւնոդոսին առթիւ, Հռոմի քաղաքապետը Ճաննի Ալեմաննօ ընդունեց Միջին Արեւելքի պատրիարքները, 19 հոկտեմբերին։
Այս հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Իտալիոյ արտգործ նախարար՝ ֆրաթթինին։ Վատիկանի մամլոյ գրասենեակի տնօրէնը Յիսուսեան հայր ֆետերիքօ Լոմպարտին մամուլէն խնդրեց որ աւելի խօսուի Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու իրավիճակին մասին։ Ան մասնաւորապէս ըսաւ թէ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաները պէտք ունին աւելի զօրակցութիւն զգալու ընդհանրական եկեղեցիէն, որպէսզի կարենան աւելի յանձնառումով շարունակել իրենց տածած համակեցութիւնը, հանդրժողութիւնը եւ երկխօսութիւնը իսլամ աշխարհին հետ։







All the contents on this site are copyrighted ©.