2010-10-21 13:50:31

Հայ Դատի Յանձնախուբմը Կը Զօրակցի Ատամ Շիֆ-ի.


Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը կը զօրակցի Ատամ Շիֆի թեկնածութեան՝ 2 նոյեմբերին տեղի ունենալիք քոնկրեսի միջանկեալ ընտրութիւններուն համար։ Քոնկրեսական Շիֆ, Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ Ներկայացուցիչներու Տան թիւ 252 բանաձեւին հիմնական աջակիցն է եւ կոչ կուղղէ վարչակազմին՝ նոյնը կատարելու։ ՝՝Ես վստահ եմ, որ 1,5 միլիոն հայերու սպանութեան ճանաչումը մեր շահերէն կը բխի եւ պէտք է օգնենք Հայաստանի տնտեսութեան ու անվտանգութեան ոլորտներուն մէջ, բարելաւելու համար երկրին կեանքը՝՝ յայտարարած է քոնկրեսականը։ Իր կարգին Քէն Խաչիկեան ընդգծեց, որ կոմիտէի մեծ մասը կ՝աջակցի Ատամ Շիֆին։Ան աւելցուց, որ իրենք շատ կը գնահատեն Ատամ Շիֆի առաջատար դերակատարութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ բանաձեւին գծով։ Ըստ անոր, Ատամ Շիֆ եւ իր խումբի բոլոր ընկերները ամէն ջանք ի գործ կը դնեն, որպէսզի Ներկայացուցիչներու Տունը քուէարկէ բանաձեւի օգտին £







All the contents on this site are copyrighted ©.