2010-10-20 13:24:10

Սրբազան Քահանայապետին Հայրական Նամակը Ուղղուած Աշխարհի Բոլոր Ժառանգաւորներուն՝


Այս նամակին մէջ, որ անձնական ոճով գրուած է , Սրբազան Հայրը զանազան խորուրդներ կու տայ ապագայ քահանաներուն եւ կը հաստատէ թէ այսօր եւս մարդկութիւնը կարիքը ունի քահանաներուն։
Քահանայապետին խրատները - Ով որ կ'ուզէ քահանայ ըլլալ ամենէն առաջ պէտք է ըլլայ Աստուծոյ մարդը եւ ոչ մատակարարը որեւէ ընկերակցութեան մը, որ կը միտի պահպանել եւ աճեցնել թիւը իր անդամներուն։
Այսպէս, Սրբազան Հայրը կը հրաւիրէ նորընծաները որ՝ մշտատեւ շփման մէջ մնան Աստուծոյ հետ աղօթքի միջոցաւ։ Նոյնպէս անոնցմէ կը խնդրէ ճանչնալ, ըմբռնել եւ սիրել Եկեղեցւոյ ծիսակատարութիւնը. ներում խնդրել Աստուծմէ խոստովանանքի միջոցաւ եւ զգայուն ըլլալ ժողովրդային բարեպաշտութեան։
Նորին Սրբութիւնը կը խրախուսէ ժառանգաւորները շահագործելու ուսմանց տարիները առանց անտեսելու ուսումը Ս. Գիրքի, Եկեղեցւոյ վարդապետութիւնը, բարոյական աստուածաբանութիւնը եւ կանոնագիրքը։ Հուսկ Սրբազան հայրը իր նամակը կ'եզրափակէ ընդգծելով թէ ՜՜ինք միշտ կը մտածէ նորընծաներուն եւ իրենց համար կ'աղօթէ՝՝։ Նոյնպէս նամակին մէջ կը կը խնդրէ . ՜՜աղօթեցէք ինծի համար, լաւագոյն կերպով կատարելու իմ պաշտօնս, այնքան որ Տէրը կամենայ՝՝։







All the contents on this site are copyrighted ©.