2010-10-20 13:41:15

Պան Քի Մուն. «Լեռնային Ղարաբաղի Տանգապը Պէտք է Խաղաղութեամբ Լուծել.


Եւրոպական Խորհուրդի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Մարդկային Իրաւունքներու եւ Հիմնարար ազատութիւններու մասին Եւրոպական Դաշինքին 60-ամեակին նուիրուած հանդիսաւոր արարողութիւնը։ Արարողութեան հրաւիրուած ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն, Եւրոպական Խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Թորպիորն Եակլանտի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, յայտարարեց, որ շատ մը շրջանային տագնապներ, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը պէտք է լուծուին խաղաղութեան եւ երկխօսութեան միջոցով։
Նշենք որ Ազրպէյճան 3 օրուան ընթացքին 75 անգամ խախտած է հրադադարը, եւ շուրջ 600 փամփուշտ արձակած։







All the contents on this site are copyrighted ©.