2010-10-19 13:40:22

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Գործունէութիւնը


Սրբազան Քահանայապետին ճառը Գոլոմպիայի նոր դեսպանին։
Երկուշաբթի 18 Հոկտեմբեր 2010-ին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Գոլոմպիայի նոր դեսպանը տիար` Սեզար Օսսա, որ ներկայացուց իր հաւատարմագրերը Սրբազան Հօր։
Այս առթիւ Նորին Սրբութիւնը նոր դեսպանին ուղղած ճառին մէջ դատապարտեց Գոլոմպիայի մէջ գործուող բոլոր բռնութիւնները եւ անմեղներու արեւանգումները, գործադրուած զինեալ ոյժերու կողմէ։
Նոյնպէս Սրբազան Հայրը նոր դեսպանին ըսաւ թէ կ'աղօթէ մասնաւորապէս բոլոր անոնց համար որոնք անարդարօրէն եւ անգութ կերպով զրկուած են իրենց ազատութենէն եւ զոհ են ` բռնութեան զանազան երեւոյթներու։ Սրբազան հայրը յոյս յայտնեց որ Գոլոմպիայի անկախութեան 200ամեակի տարեդարձը ըլլայ առիթ մը նոր նախաձեռնութիւններու որոնք կը միտին ամրապնդելու անվտանգութիւնը, խաղաղութիւնը, ներդաշնակութիւնը ու ամբողջական բարգաւաճումը բոլոր գոլոմպիացիներուն։ Այդ իրագործելու համար, մատնանշեց Սրբազան Քահանայապետը, հարկաւոր է մասնակցութիւնը բոլորին։
Նորին Սրբութիւնը իր գոհունակութիւնը յայտնեց Գոլոմպիայի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ առաջնատար ու վճռական դերին, որ միշտ ներկայ եղած է երկրին պատմութեան բոլոր հանգրուաններուն։ Գոլոմպիայի եկեղեցին միշտ պատրաստակամ եղած է արմատախիլ ընելու աղքատութիւնը, թմրեցուցիչը եւ կաշառառութիւնը։
Նախապէս նոր դեսպանը իր արտասանած ուղերձին մէջ վերակոչեց դժոխքը առեւանգումներու մատնանշելով թէ ահաբեկչութիւնը եւ թմրեցուցիչը զուգահեր ընթացած են։
Նոր դեսպանը՝ Սեզար Օսսա եղած է երկար տարիներ լրագրող եւ աշխատած իր երկրին, ԱՄՆի եւ Սպանիոյ մէջ։ Յայտնենք թէ Գոլոմպիա նկատուած է աշխարհի ամենէն վտանգաւոր երկիրը։ Ս. Աթոռը եւ Գոլոմպիան 165 տարիէ դիւանագիտական կապեր հաստատած են։
Նոր դեսպանի հանդիպումէն անմիջապէս ետք Սրբազան Հայրը ընդունեց արքեպիսկոպոս Պանիասքօ՝ նախագահը Իտալիոյ եպիսկոպոպսական դասին։

 







All the contents on this site are copyrighted ©.