2010-10-19 12:49:16

Չեչենիոյ Խորհրդարանին մէջ Հրացանաձգութիւն եւ Անձնասպանական Գործողութիւն.Բոլոր Երեսփոխանները Ողջ։


Չեչենիոյ մէջ զինեալներ այս առաւօտ տեղական ժամով 8.45-ին(իտալիոյ ժամով ժամը 6.45-ին) Չեչենիոյ խորհրդարանին վրայ զինեալ յարձակում կատարեցին եւ հոն երկու հոգի իրենք զիրենք պայթեցուցած են. անձնասպանական գործողութիւնը վերջ գտած է Չեչեն ապահովական ուժերու միջամտութեամբ որոնք սպաննած են չորս յարձակամարտիկներ ։Յարձակումը պատճառ եղած է զոհերու (նուազագոյն երկու հոգի),ու վիրաւորներու։ Չեչեն ապահովական ուժերու պարագլուխը եւ նախգահ Ռամազան Գատիրով հեռաձայնային զրոյց մը ունեցած է Վըլատիմիր Բութինի հետ։ Եւ ինչպէս որ զինեալ յարձակումէն առաջ կը նախատեսուէր այսօր Խորհրդարանը կատարծ է իր առօրեայ նիստը։ Ըսենք նաեւ որ ոչ մի երեսփոխան մահացած կամ վիրաւորուած է։







All the contents on this site are copyrighted ©.