2010-10-19 13:40:46

Զմմառու Միաբան՝ Յովհաննէս Վրդ. Օրջանեանի Մահուան Ա. Տարելիցին Առթիւ Հոգեհանգստեան Ս. Պատարագի Աւարտին՝ Վանքին Վերանորոգուած Ներքնագաւիթը Անուանուեցաւ Հանգուցեալ Միաբանին Անունով։


Կիրակի, 17 հոկտեմբեր 2010, առաւօտեան ժամը 10.30-ին, Զմմառու Միաբանութեան ընդհանուր մատակարար եւ վանքին փոխ-մեծաւոր հայր Գաբրիէլ վ. Մուրատեան սուրբ Պատարագ եւ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարեց լուսահոգի Յովհաննէս վրդ. Օրջանեանի մահուան Ա. տարելիցին առթիւ։ Ներկայ գտնուեցան հանգուցեալին եղբայրը՝ Մանուէլ Օրջանեան ժամանած՝ Քանատայէն եւ հարազատները։ Հոգեհանգստեան պաշտօնը կատարուեցաւ վանքին վերանորոգուած ներքնագաւիթին մէջ, զոր անուանեցաւ հանգուցեալ միաբանին անունով։
Պատարագի աւարտին, վանքին վարչական հայրերը եւ հանգուցեալին հարազատները ընդունեցան ցաւակցութիւնները վանքին դահլիճին մէջ, որմէ ետք, հանգուցեալին հարազատները մասնակցեցան հոգեճաշին։







All the contents on this site are copyrighted ©.