2010-10-19 13:05:38

Գերմանիոյ Նախագահը Թուրքիոյ Մէջ. Քրիսթիան Վուլֆ պիտի տեսակցի Բարթողիմէոս Ա.ի հետ։


Գերմանիոյ նախագահ Քրիսթիան Վուլֆ երէկ սկսաւ Թուրքիա տուած իր հնգօրեայ պաշտօնական այցելութեան։ Այս այցելութեան աւարտին,ուրբաթ օրը, Գերմանիոյ նախագահը պիտի հանդիպի ՝՝Կոստանդնուպոլսոյ տիեզերական պատրիարքին՝՝ հետ։ Գերմանիոյ նախագահը իր այցելութեան ընթացքին պիտի գտնուի Անգարայի, Պոլսոյ, Կեսարիոյ, Թարսուսի եւ Ատանայի մէջ։ Իսկ այցելութեան վերջին օրը պիտի հանդիպի Պոլսոյ Յունաց Բարթողիմէոս Ա.Պատրիարքին, որուն հետ պիտի քննարկէ Թուրքիոյ մէջ ՝՝ազգային փոքրամասնութիւններու հարցերուն՝՝ վերաբերող հարցեր։







All the contents on this site are copyrighted ©.