2010-10-18 14:52:28

Քրիստոնէութեան Զէնքն Ու Զօրութիւնը, Հաստատեց Եգիպտոսի հայ կաթողիկէ Առաջնորդը Իր Միջամտութիւնը Բերելով Միջին Արեւելքի Եպիսկոպոսական Սիւնոդոսին


Եգիպտոսի հայ կաթողիկէ Առաջնորդը Արհիապատիւ Գրիգոր Եպ. Գուսան, իր միջամտութեան ընթացքին հրաւիրեց բարի կամք ունեցող մարդիկը որ վերջ տան անմեղներու սպանդին։ ՜՜Քրիստոնէութեան զէնքը սէրն է՝՝ հաստատեց Աղեքսանդրիոյ հայ կաթողիկէ առաջնորդը ։ Ան իր այս միջամտութեամբ ուզեց յոյսի պատգամ մը ուղղել յիշեցնելով թէ քրիստոնէութեան զէնքը գործարաններուն մէջ չէ շինուած։ Անոր գնահատումով սէրը կը կայանայ կամուրջ հաստատելու մարդոց միջեւ։ Եկեղեցին կ'աւետէ սէրը եւ կը պայքարի անարդարութեան ու մոլեռանդութեան դէմ։ Մեր յոյսն է ապրիլ խաղաղութեամբ։ Ապա կոչ ուղղելով հրեաներուն ըսաւ դադրեցէք սպաննել անմեղները եւ չմոռնանք թալմուտի խօսքը ''ամէն մարդու մէջ կը տեսնեմ Աստուած'' ապա խօսքը ուղղելով համհետականներուն ն խնդրեց որ իսլամը եւ քրիստոնեան ապրին համակեցութեամբ մէկ ազգի կազմելու համար եւ ուր ընկերութիւնը ապրի սիրոյ, եղբայրակցութեան, հասկացողութեան ու երկխօսութեան սկզբունքներու վրայ։ Ան իր միջամտութիւնը եզրափակեց յիշեցնելով թէ Միջին Արեւելքի միաստուածեան երեք կրօներու զաւակները կ'ապրին հողի մը վրայ ու ապրեցաւ բոլորին հաւատքի հայրը Աբբրահամ նահապետը եւ հարց դնելով թէ ի՞նչ նշանակութիւն ունի Միջին Արեւելքը առանց քրիստոնէութեան։







All the contents on this site are copyrighted ©.