2010-10-18 14:50:20

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Հայրական Նամակը Ժառանգաւորներուն։


18 հոկտեմբերին լոյս տեսաւ Սրբազան Քահանայապետին հայրական նամակը ուղղուած աշխարհի բոլոր ժառանգաւորներուն, որոնք կը պատրաստուին քահանայութեան։
Իր այս հայրական նամակով Սրբազան Քահանայապետը կարգ մը խորհրդածութիւններ կը կատարէ ժառանգաւորներուն, լաւագոյնս պատրաստուելու ''Այլ ոմն Քրիստոս'' ըլալլու։ Երկարաշունչ նամակով Սրբազան հայրը կը շոշափէ կարեւոր կէտեր որոնք պիտի օգնեն ապագայ քահանաներուն լաւագոյնս պատրաստուելու այս մեծ պաշտօնին, որ է քահանայութիւնը։
Սիրեցեալ ժառանգաւորներ, Դեկտեմբեր 1944-ին, երբ կանչուեցայ զինւորական ծառայութեան, գնդապետը մեզմէ իւրաքանչիւրէն խնդրեց թէ ի՞նչ գործ կ'ուզենք կատարել ապագային մէջ։ Անոր պատասխանեցի թէ կ'ուզեմ կաթողիկէ քահանայ դառնալ։ Գնդապետը պատասխանեց. դուն այլ բան պէտք ես փնտռել, նոր Գերմանիոյ մէջ կարիքը չկայ քահանայի։ Գիտէի թէ այն ''Նոր Գերմանիան'' վերջանալու վրայ եւ իր պատճառած ահաւոր աւերումներէն ետք աւելի քան երբեք կարիքը կայ քահանային։
Այսօր, սիրելիներ, կացութիւնը բոլորովին տարբեր է։ Զանազան պատճառներով, շատ մը մարդիկ կը խորհին թէ կաթողիկէ քահանայութիւնը պաշտօն մը չէ, ապագայ չունի։ Սակային դուք սիրելիներ որոշում առիք նորընծայարան մտնել եւ կը պատրաստուիք քահանայական կարգի հակառաք շատերու կարծիքին։ Դուք շատ լաւ ընտրութիւն կատարեցիք որովհետեւ մարդիկը միշտ պէտքը ունի Աստուծոյ, նոյնիսկ տիրապետող գիտարուեստական դարաշրջանին մէջ։ Պէտքը ունին այն Աստուծոյն որ յայտնուեցաւ մեզի Յիսուս Քրիստոսի մէջ ու մեզ միատեղ կը ժողովէ ընդհանրական Եկեղեցւոյ մէջ, հետը ու իր միջոցաւ սորվելու ճշմարիտ կեանքը եւ ներկայ պահելու եւ ազդու դարձնելու ճշմարիտ կեանքի չափանիշերը։
Ապա Նորին Սրբութիւնը իր նամակին մէջ որոշ թելադրութիւններ կը կատարէ լաւապէս պատրստուելու քահանայութեան.
- Ով որ կ'ուզէ քահանայ ըլլալ, պէտք է ամենէն առաջ ըլլայ ''Աստուծոյ մարդը''։
- Աստուած մեզի համար լոկ խօսք մը չէ, Խորհուրդներու մէջ Ան ինքզինք կու տայ մեզի նիւթական միջոցներով։ Ամենասուրբ Հաղորդութիւնը մեր յարաբերութեան կեդրոնն է Աստուծոյ հետ։
- Ապաշխարութեան խորհուրդը նաեւ շատ հարկաւոր է։ Այս խորհուրդը ինծի կը սորվեցնէ թէ Աստուած ինչպէս զիս կը դիտէ եւ ինծի կը պարտադրէ համեստ ըլլալ անձիս հետ։ Հետեւաբար ապաշխարութեան խորհուրդը զիս կ'առաջնորդէ դէպի խոնարհութիւն։
- Ձեր մէջ աճեցուցէք ''ժողովրդական բարեպաշտութիւնը'', թէեւ զանազան եղանակներով կը դրսեւորուի մշակոյթներու մէջ, սակայն իրարու շատ նման են, քանի մարդու սիրտը նոյնը կը մնայ։
- Նորընծայարանի շրջանը, յատկապէս ժամանակն է ուսումի։
- Նորընծարանի շրջանը նաեւ պէտք է ըլլայ նաեւ ժամանակը մարդկային հասունութեան։
Հուսկ Սրբազան Քահանայապետը իր հայրական նամակը կ'եզրափակէ ըսելով. ՜՜Այս տողերով ուզեցի ցոյց տալ ձեզի թէ ո՜րքան ձեզի կը մտածեմ ձեզի մեր դժուար ժամանակին մէջ, եւ ո՜րքան ձեզի մօտ եմ իմ աղօթքներուս մէջ։ Աղօթեցէք նաեւ ինծի համար որպէսզի կարենամ լաւապէս կատարել իմ պաշտօնս, որքան որ Տէրը կամենայ։ Քահանայական ձեր պատրաստութեան ժամանակը կը յանձնարարեմ Ամենասուրբ Կոյս Մարիամին մայրական հովանաւորութեան եւ որու տօնը եղաւ դպրոցը բարիի ու շնորհքի։ Թող Ամենակալ Տէրը ամէնքդ օրհնէ. Յանուն Հօր եւ Որդիոյ եւ Ս. Հոգւոյ։







All the contents on this site are copyrighted ©.