2010-10-18 16:33:31

Մատրասի Մէջ, Ազդարարի՝ Հայկական Տպագիր Առաջին Թերթի Անդրանիկ Համարը Լոյս Տեսաւ 14 Հոկտեմբեր 1794-ին ։


1794-ի՝ 14 Հոկտեմբերի օրը դարաշրջան բացող տարեթիւ մը դարձաւ հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ։ քանի որ այդ օրը լոյս տեսաւ անդրանիկ համարը Ազդարար անունով հայկական տպագիր առաջին թերթին։

Մատրասը վաճառականական եւ մշակութային կեդրոն, նաւահանգիստ-քաղաք էր՝ միջազգային նշանակութեամբ։ Հայեր հոն հաստատուած էին ԺԶ. դարէն սկսեալ։

1547ին արդէն, Մատրասի մէջ հիմնուած էր ու կը գործէր հայկական առաջին եկեղեցին։ Իսկ՝ 1772ին հիմնուած Ս. Աստուածածին Եկեղեցին կը գործէ մինչեւ մեր օրերը։

Մատրասի հայութեան զարթօնքին մէջ մեծ ներդրում ունեցաւ յատկապէս հայկական առաջին տպարանի հիմնադրութիւնը 1772ին, Շահամիր Շահամիրեանի կողմէ, որ նաեւ ձեռնարկեց ինչպէս հայ մատենագիրներու, նոյնպէս եւ ժամանակի հայ հեղինակներու գործերուն տպագրութեան։

Ահա այդ պայմաններուն մէջ Յարութիւն Աւագ Քահանայ Շմաւոնեան ուղարկուեցաւ Մատրաս, 1785ին, իբրեւ ծխատէր քահանայ ծառայելու համար հայ գաղութի հոգեւոր կարիքներուն։

Յարութիւն Քահանայ Շմաւոնեանի անունը յաւերժացաւ հայ ժողովուրդի բազմադարեան պատմութեան մայր տոմարին մէջ 1794ի Հոկտեմբեր 14ին, երբ լոյս ընծայեց հայկական առաջին տպագիր թերթը՝ Ազդարարը, որ մինչեւ 1796ի Մարտը, ամսական պարբերականութեամբ, հրատարակուեցաւ եւ վարակիչ օրինակ դարձաւ։

Ազդարարի 18 համար լոյս տեսաւ։ Օրինակներ պահպանուած են ինչպէս Հայաստանի, նոյնպէս եւ Սփիւռքի հայկական բոլոր մեծ գրադարաններուն մէջ։ Իսկ 1979ին Կիւլպէնկեան Հաստատութիւնը, յոբելինական երկու հատորներով, Ազդարարի ամբողջական հաւաքածոն արժանացուց վերահրատարակութեան։

Հրապարակագրական եւ խմբագրական մօտեցման, ձեւաւորման ու բաժիններու առումով՝ Ազդարար նախակարապետը եղաւ սփիւռքահայ մամուլի աւանդական պատկերացումին։ Ամսական պարբերականութեան հիման վրայ, Ազդարար ամփոփ լրատուութիւնը կատարեց հնդկահայ եւ, մանաա՛նդ, Մատրասի հայ կեանքի իրադարձութիւններուն։ Կարեւոր բաժին մը տրամադրեց կրօնաբարոյական նիւթերու եւ հարցերու։ Նաեւ գրական ու պատմական բաժին մը ունեցաւ՝ ինքնուրոյն թէ թարգմանական նիւթերու հրատարակութեամբ։

Ազդարարը հիմնական ներդրում ունեցաւ հայ քաղաքական մտքի զարգացման մէջ՝ հայոց ազգայինազատագրական շարժման ռուսական արեւելումը հունաւորելու եւ հիմնաւորելու առումով։ Պարսկական եւ թրքական տիրապետութեան լուծը թօթափելու գաղափարական դրօշը բարձրացուց՝ շեշտը դնելով քրիստոնեայ Ռուսաստանի օգնութեան ապաւինելու ուղղութեան վրայ։ Իբրեւ այդպիսին՝ Ազդարար հանդիսացաւ 19րդ դարասկիզբի հայ ազգային զարթօնքի առաջին ծիծեռնակներէն մէկը։








All the contents on this site are copyrighted ©.