2010-10-17 12:44:02

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Նախագահեց Վեց Երանելիներու Սրբադասումի Արարողութիւնը։


Կիրակի 17 հոկտեմբեր 2010ի՝ առաւօտեան (ժամը 10ին) Պենետոկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Գլխաւորեց վեց երանելիներու Սրբադասումի արարողութիւնը Վատիկանի Սուրբ Պետրոս Հրապարակը ուր հաւաքուած էին աւելի 50 հազար հաւատացեալ։ Նորին Սրբութիւնը իր քարոզը կեդրոնացուց օրուան աւետարանի վրայ որ կը խօսի ՜՜Այրի կինը եւ Դատաւորը՝՝ առակի մասին։
Ան ըսաւ որ մենք շատ անքամ կը հոգնինք աղօթելէ եւ մեզի այնպէս կը թուի թէ աղօթքը ոչ մի օգտակարութիւն ունի`եւ ասօր համար շատ անգամ կը դիմենք մեր մարդկային ուժերուն քան ՜՜Առ Աստուած բարձրաձնելու մեր աղերսանքը։
Սակայն Յիսուս` այրի տիկնոջ եւ անիրաւ դատաւորի առակով մեզի կը պատուիրէ միշտ աղօթել ։

Եթէ անիրաւ դատաւոր մը այրի տիկնոջ պնդումի պատճառաւ զիջեցաւ եւ դատը տեսաւ, որքան աւելիով պիտի ընէ մեզի ՜՜Աստուած որ բարի է եւ սիրով լի՝՝։
Աստուած որ ողորմած է միշտ պատրաստ է լսելու մեր խնդրանքը եւ ասոր համար պէտք է որ միշտ աղօթենք։

Յիսուս այս սուրբերու միջոցաւ կը հրաւիրէ մեզ հետեւելու իրեն, ժառանգելու համար երկնքի արքայութիւնը։

Թող որ մեր քայլերը առաջնորդուին այս տիպար սուրբերու օրինակով, բարեխօսութեամբ՝ Սուրբ Կոյս Մարիամի եւ բոլոր սուրբերուն, Ամէն։

Սուրբ Պատարագի Արարողութեան աւարտին, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը արտասանեց, իր գրասենեակի պատշգամէն օրհնելով բոլոր ներկաները եւ մաղթելով անոնց բարի Կիրակի։







All the contents on this site are copyrighted ©.