2010-10-16 13:20:30

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Սննդառութեան Համաշխարհային Օրուան Նախօրեակին Կը Դատապարտէ Անօթութիւնը Աշխարհի Մէջ։


Սրբազան Հայրը ՄԱԿի պարենամթերային եւ գիւղատնտեսական կազմակերպութեան տօնօրէն` Ժագ Տիուֆին ուղղած պատգամին մէջ, կը դատապարտէ բոլոր այն խոչընդոտները որոնք արգելք կը հանդիսանան անօթութիւնը նուաճելու աշխարհի մէջ։
Նորին Սրբութիւնը մասնաւորապէս կը մեղադրէ հզօր պետութիւններու զօրակցութեան ու համագործակցութեան պակասը,եւ անգամ մը եւս կոչ կ'ընէ յառաջադէմ երկիրներուն, որպէսզի աւելի զօրակցութիւն ցոյց տան թերաճ երկիրներիու հանդէպ։ Բարգաւաճ երկիրները, կը գրէ Սրբազան Քահանայապետը, պէտք է գիտակցին թէ աշխարհի աճող կարիքները կը պահանջեն անոնցմէ աւելի օգնութիւն։ Բոլորն ալ կանչուած են աւելի ոյժ տալու հողամշակոյթին վերջ տալու համար անօթութեան տագնապին։ Միաժամանակ Սրբազան Հայրը իր գոհունակութիւնը կը յայտնէ, միջազգային հասարակութեան որոշումին՝ պաշտպանել ջուրի իրաւունքը, որ էական է մարդկային սննդառութեան, հողամշակոյթին ու բնութեան պահպանումին։ Սննդառութեան Համաշխարհային Օրուան 2010ի՝ բնաբանն է ''անօթութեան դէմ միացած'' 16 նոյեմբեր 2009ին այցելելով ֆԱՕ` ՄԱԿի պարենամթերային եւ գիւղատնտեսական կազմակերպութեան կեդրոնը, որ Հռոմ կը գտնուի, ըսած է թէ միջազգային հասարակութիւնը պէտք է մերժէ զեխութիւնն ու վատնումը յաչս անօթութեան ողբերգութեան եւ աշխատիլ արդարութեան հաստատումին յաչս եսասիրութեան։
Յայտնենք թէ սննդառութեան համաշխարհային օրը ամէն տարի կը վերակոչուի 16 հոկտեմբերին







All the contents on this site are copyrighted ©.