2010-10-16 13:20:59

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ներկայացուցիչի Հանդիպումը Իրանի Նախագահին հետ։


Լիբանան կատարած իր պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս, Իրանի Նախագահը պաշտօնական հրաւէր ուղղած էր Արամ Ա. Կաթողիկոսին նախաճաշին սեղանակից ըլլալու իրեն: Յանուն Վեհափառին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, նախաճաշին ներկայ եղաւ Գերշ. Տ. Նորայր Եպս. Աշըգեան: Սրբազանը Վեհափառ Հայրապետին ողջոյնները փոխանցեց Նախագահին ու յաջողութիւն մաղթեց իրեն իր առաքելութեան մէջ: Նախագահը իր կարգին ողջունեց Վեհափառը եւ յատուկ համակրանքով անդրադարձաւ Իրանի հայ համայնքին մասին:







All the contents on this site are copyrighted ©.