2010-10-16 13:20:51

Հայ Լրագրողներու 5-րդ Համաժողովը։


Հեռուստակամուրջի միջոցով Լիբանանի, Քուվեյթի և ԱՄՆ-ի հայկական ԶԼՄ-ի ներկայացուցիչները մասնակցեցան Հայ լրագրողներու 5-րդ համաժողովի քննարկումներուն: 
Ստեփանակերտի՝ մշակոյթի և երիտասարդութեան պալատին մէջ, նախագահութեամբ Սփիւռքի Նախարար Հրանուշ Յակոբեանին, 14 Հոկտեմբերին, հեռուստակամուրջի միջոցով Լիբանանի, Քուվեյթի և ԱՄՆ-ի հայկական լրատուական Միջոցներու ներկայացուցիչները մասնակցեցան զեկուցումներուն։
Նիստավարներն էին «Նոր Յառաջ» թերթի գլխավոր խմբագիր Ժիրայր Չոլաքյան և ԵՊՀ լրագրութեան համալսարանի երիցագոյն դասատու՝ Նաղաշ Մարտիրոսեան: Պէյրութի Հայ կաթողիկէ հաղորդամիջոցներու ներկայացուցիչ՝ պրն. Սարգիս Նաճարեան եւ Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի դպրոցական հայագիտութեան զարգացման գրասենեակի վարիչ, «Հայ մանկավարժ» հանդէսի խմբագիր պրն. Վարդան Թաշճեան, նոյն օրը՝ (14 Հոկտեմբերին) Պէյրութէն համացանցային հաղորդակցութեան միջոցով մասնակցեցան Հայ լրագրողներու համահայկական 5-րդ խորհրդաժողովին, հրաւէրովը Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարարութեան:



Խօսք ուղղելով 26 տարբեր երկիրներէ եկած համաժողովի մօտ 200 մասնակիցներուն, ուղղակի պատկերասփռումի ճամբով պրն. Թաշճեան ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց Հայ կաթողիկէ մամուլի ընտանիքին մաս կազմող լրատուամիջոցները, գնահատեց Սփիւռքի նախարարութեան աննախադէպօրէն արդիւնաւէտ գործունէութիւնը` Հայրենիք-Սփիւռք յարաբերութիւններու զարգացման գետնին վրայ, յաջողութիւն մաղթեց համաժողովի գործերուն եւ կարեւորեց Հայաստանի հետ ամուր կապերու պահպանումը` հայկական Սփիւռքի ապագայ գոյութեան համար:

Պրն. Նաճարեան անդրադարձաւ Հայաստան-Սփիւռք տեղեկատուութեան փոխանակաման եւ տարածման մէջ հաւասարակշռութիւն պահպանելու հրամայականին, գլխաւորաբար անհրաժեշտ համարելով, որ հայաստանեան լրատուական միջոցները սփիւռքեան իրադարձութիւններուն տան նոյնքան կարեւորութիւն եւ նշանակութիւն, ինչքան սփիւռքեան լրատուամիջոցները կու տան հայրենի կեանքի իրադարձութիւններուն:

Համաժողովի նիստը նախագահող, Սփիւռքի նախարար տիկին Հրանոյշ Յակոբեան շնորհակալութիւն յայտնեց Հայ կաթողիկէ մամուլի ներկայացուցիչներուն` համաժողովին իրենց մասնակցութեան համար եւ վերահաստատեց իր ղեկավարած նախարարութեան յանձնառութիւնը` շարունակելու գործակցութիւնը սփիւռքեան բոլոր կառոյցներուն հետ: 









All the contents on this site are copyrighted ©.