2010-10-15 13:30:47

Տեղեկութիւններ Արեւելքի Կաթողիկէ Եկեղեցիներու Մասին։


Արեւելքի մէջ կաթողիկէները բաղդատմամբ օրթոտոքսներուն փոքրամասնութիւն կը կազմեն ի  բացառեալ Լիբանանէն (ուր մարոնիները քրիստոնեաներու  70 առ հարիւրը կը  կազմեն) եւ Իրաքէն (ուր կաթողիկէները՝  քրիստոնեաներու հարիւրէն 80-ը կը  կազմեն)։

Արեւելքի եկեղեցիներու մաս կը կազմեն։
Մարոնիթ եկեղեցին, Յոյն Կաթողիկէ կամ Մէլքիթ եկեղեցին, Կաթողիկէ Գաղդէական  Եկեղեցին, ՂպտիԿաթողիկէ Եկեղեցին, Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին, Ասորի Կաթողիկէ Եկեղեցին (Սուրիանիները) եւ Կաթողիկէ Լատին Ծէսի Եկեղեցին։
Մարոնիներու Պատրիարքն է Կարտինալ Նասրալլահ Սֆէյրը, որուն աթոռը կը գտնուի Տիմանի մէջ։
Յոյն մելքիթ կաթողիկէներու պատրիարքն է Գրիգոր Գ. Լահհամ, որուն աթոռը այժմ կը գտնուի Դամասկոսի մէջ (Սուրիա - ֆրանսայի կողմէ Անտիոքը  Թուրքիոյ կցումէն ի վեր)։
Գաղդիացիներուն պատրիարքն է Էմմանուէլ Գ. (Էմմանուէլ Քարիմ Տէլլի)։ Պատրիարքական աթոռը կը գտնուի  Պաղտատի մէջ (Իրաք)։
Ղպտի Կաթողիկէ եկեղեցւոյ հոգեւոր պետն է  Անթոնիոս Նակիպ  Պատրիարքական աթոռը կը գտնուի Գահիրէի մէջ (Եգիպտոս)։
Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հակոց կաթողիկոս պատրիարքն է ՝ Ներսէս Պետրոս ԺԹ.  Պատրիարքկան աթոռը կը գտնուի Պէյրութի մէջ, Լիբանան։
Ասորիներու (Սուրիաններու) Անտիոքի Պատրիարք՝ Մար Իգնատիոս  Եուսէֆ Գ. Եունան,։ Պատրիարք ընտրուած  2009-ին։
Լատին Պատրիարքութեան՝ Կաթողիկէ Լատին Պատրիարքը, ֆուատ Թուալ Պատրիարքն է, որուն աթոռը կը գտնուի Երուսաղէմի մէջ։







All the contents on this site are copyrighted ©.