2010-10-15 13:30:31

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնը։
Նորին Սրբութիւնը ընդունեց Իսլամ կրօնի երկու ներկայացուցիչներ, որոնք խօսք առին Միջին Արեւելքի եպիսկոպոսական սիւնոդոսին ընթացքին։


Հինգշաբթի օրը՝ յետմիջօրէին, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդունեց Մուհամմատ ալ Սամմաքը` քաղաքական խորհրդատուն Լիբանանի սիւննիներու աւագ մուֆթիին։
Ապա ընդունեց իրանցի շիիթ Այաթուլլահ Սաիտ Մոսդաֆա Ահմատապատին` դասախօս Թեհրանի գիտութեանց իրանեան համալսարանի մէջ։
Մուհամմատ ալ Սամմաք` խօսք առնելով Միջին Արեւելքի եպիսկոպոսական սիւնոդոսին ըսաւ թէ քրիստոնէութեան ներկայութեան պաշտպանութիւնը Արեւելքին մէջ, պարտականութիւնն է ամէն քրիստոնեայի եւ իսլամի։ Ան նաեւ յոյս յայտնեց թէ Միջին Արեւելքի եպիսկոպոսական սիւնոդոսը չդառնայ լոկ քրիստոնեայ տառապանքի աղաղակ մը ալեկոծ Արեւելքի մէջ։ Ան մատնանշեց թէ՝ քրիստոնեաները Արեւելքի առաջին բնակիչներն են, եւ թէ՝ իսլամներն ու քրիստոնեաները միեւնոյն տառապանքը կը կրեն։
Արեւելքը` օրրանն է քրիստոնէութեան, քրիստոնէական ներկայութիւնը որ կ'աշխատի ու կը ներգործէ մահմետականներու հետ, հարկաւորութիւն մըն է թէ իսլամի եւ թէ քրիստոնեայի համար։ Հարկաւորութիւն մը` ոչ միայն Արեւելքի համար այլ համայն աշխահին համար դիտել տուաւ Մոհամմատ Սամմաք։ Անոր գնահատումով՝ ՜՜քրիստոնեաները եւ մահմետականները կանչուած են միասնաբար աշախատելու քաղաքացիութեան հիմնական կանոններու յարգանքով եւ միաժամանակ դատապարտելով՝ մշակութային ծայռայեղութիւնները, որոնք կը միտին մերժել ուրիշը ու համարին ըլլալ ՜՜ճշմարտութեան միակը տէրը՝՝ ։ Նախապէս մամուլին հետ ունեցած ելոյթին ընթացքին, պատասխանելով կրօնափոխութեան արգելքին իսլամ կրօնքին մէջ հարցումին ան ըսաւ որ հաւատացեալ իսլամներու մօտ շփոթութիւն ստեղծուած է, հետեւանքը՝ մահմետական պատմութեան, ուր դարձի գալ համազօր է թշնամիի կողքին յարելու, ուստի կրօնափոխութիւնը նկատուած է որպէս դաւաճանական ներգործութիւն մը։







All the contents on this site are copyrighted ©.