Հայազգի Երաժիշտ Եւ Դուդուկահար Լեւոն Մատոյեան։ Լեւոն Մատոյեան հայ երաժիշտ
եւ դուդուկահարը՝ եղած էր Խորհրդային Միութեան ժողովրդական արուեստագէտ։ Ան ծնած է
Կիւմրի 1909-ին, ուր եւ ուսումը ստացած ու նաեւ հետեւած երաժշտութեան։ 1923-էն սկսած
է աշխատիլ Հայֆիլհարմոնիայի Լենինականի բաժանմունքի արեւելեան գործիքներու խումբին մէջ։
Կարճ ժամանակ Պաքուի մէջ աշխատելէ ետք դարձեալ վերադարձած է իր ծննդավայրը։ Իսկ
1939-ին Երեւան տեղափոխուելով սկսած է նուագել Հայֆիլհարմոնիայի ժողովրդական գործիքներու
նուագախումբին մէջ, ապա ռատիոկոմիտէի ժողովրդական գործիքներու անսամպլի մէջ։ Լեւոն
Մատոյեան հանդէս եկած է Խորհրդային Միութեան շարք մը քաղաքներու մէջ վայելելով լայն
ժողովրդականութիւն։ Հայազգի երաժիշտը մահացած է 1964-ին։