2010-10-15 15:21:18

 Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան երէկ ընդունեց լրագրողներու համահայկական 5-րդ Խորհրդաժողովի մասնակիցները ։


Աշոտ Ղուլեան բարի գալուստ մաղթելով, կարեւոր նկատեց համաժողովի Արցախի մէջ կազմակերպման փաստը։ Աշոտ Ղուլեան նշեց, որ համահայկական խնդիրներու շարքին,իր ուրոյն տեղը ունի Արցախի հարցը, եւ այս տեսակէտէն մեկնած տեղեկատուական դաշտին մէջ շատ ընելիքներ կան, երբ յատկապէս օրէ օր մեծնայ ՝՝հակահայկական ջղագարութիւնը՝՝ եւ ամէնուրէք ազրպէյճանական քարոզչամեքենան Ղարաբաղեան տագնապին վերաբերեալ ապա-տեղեկատուութիւն կը տարածէ։ Այդ ծիրին մէջ Աշոտ Ղուլեան կարեւոր նկատեց հայկական լրատուամիջոցներու աշխուժութիւնը՝ անկախ սփռումի կամ հրատարակութեան վայրէն։ Ազգային Ժողովի նախագահը մասնակիցներուն ներկայացուց Արցախի Հանրապետութեան ստեղծման եւ կայացման բարդ եւ դժուար ուղին։ Հակառակ անոր որ Լեռնային Ղարաբաղը չէ ճանչցուած միջազգային հանրութեան կողմէ, բայց բազմիցս ապացուցած է, որ ժողովրդավարական արժէքներ դաւանող երկիր է՝ պետականութեան համար անհրաժեշտ բոլոր տուեալներով( նշեց Աշոտ Ղուլեան)։ Խորհրդաժողովին մասնակիցները անոր ուղղեցին զիրենք յուզող հարցումները։
Մասնաւորաբար, մասնակիցներէն մէկուն կը հետաքրքրէր ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին կողմէ օրերս Արցախի այսպէս կոչուած յարակից տարածքներուն մէջ դաշտային առաքելութիւն իրականացնելու վերաբերեալ Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւններու վերաբերմունքը։ Այս գծով Ազգային Ժողովի նախագահը ընդգծեց, որ Լեռնային Ղարաբաղը Հանրապետութիւնը բազմիցս յայտարարած է, որ բաց երկիր է, եւ այն նպատակը, որ յայտնած էին ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները դաշտային առաքելութենէն առաջ, այն է՝ ծանօթանալ շրջանին, որեւէ ձեւով խոչընդոտելու պատճառ չէ եղած։Պատասխանելով այն հարցումին, որ ղարաբաղեան տագնապի վերջնական լուծման պարագային ո՞րն է Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւններուն նախատեսուած փոխ-զիջման վերջնական սահմանը, Աշոտ Ղուլեան շեշտեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան կողմէ որոշուած որեւէ փոխզիջում ընդունելի պիտի ըլլայ Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւններուն համար։







All the contents on this site are copyrighted ©.