2010-10-14 13:06:21

Ստեփանակերտի մէջ բացումը կատարուեցաւ Լրագրողներու հայմահայկական 5-րդ համագումարին, որուն կը մասնակցին շուրջ 200 խմբագիրներ եւ լրագրողներ:


Համագումարի մասնակիցները այցելեցին ազատամարտիկներու շիրիմները, որմէ ետք համագումարին բացումը կատարուեցաւ: Խօսք առին ԼՂՀ-ի նախագահ Բակօ Սահակեան, Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան եւ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ եպս. Մարտիրոսեան: Համագումարը կը շարունակէ իր աշխատանքները: Համագումարին կը մասնակցին Հայաստանէն, Արցախէն եւ Սփիւռքի զանազան Գաղութներէն հայկական լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ։







All the contents on this site are copyrighted ©.