2010-10-14 13:46:32

Համայն Ռուսիոյ Պատրիարքը Իր Ցաւը Կը Յայտնէ Ի Տես Քրիստոնէութեան Նահանջին Արեւմտեան Եւրոպայի Մէջ- Մոսկուա ։


Համայն Ռուսիոյ պատրիարք Կիւրեղ Ա. ընդունելով՝ պատրիարքարանին մէջ, Դաշնակցային Գերմանիոյ նախագահ՝ տիար Ուոլֆը՝ կոչ ըրաւ Գերմանիոյ նախագահին պաշտպանը հանդիսանալու քրիստոնէական արժէքներուն։ Կը սարսափիմ երբ կը լսեմ թէ՝ կարգ մը երկիրներու մէջ, կ՝ուզեն որ խաչը վերցուի դպրոցներէն ներս, հեռացնեն կրօնը հանրային կեանքէն եւ այս ամէնը յանուն մարդու իրաւունքի։
Իմ մտահոգութիւնը կը յայտնեմ , որ դարձեալ կր կրնուի նոյն սխալը որ եղաւ Սովետական Միութեան մէջ, ուր աստուածամերժութիւնը պաշտօնական գաղափառախօսութիւն էր, յարեց Կիւրեղ պատրիարքը։
Գերմանիոյ նախագահը իր կարգին հաստատեց թէ կրօնական ազատութիւնը կը մնայ հիմնաքարը եւրոպական քաղաքակրթութեան։ Մարդիկը ազատ են հրապարակաւ արտայայտելու իրենց կրօնական համոզումները եւ ոչ ոք պիտի կարողանայ արգիլել զանոնք։







All the contents on this site are copyrighted ©.