2010-10-14 13:46:08

Արեւելեան Եկեղեցիներու Յատուկ Սիւնհոդոսի Նիստերը Կը Շարունակուին


Երեքշաբթի օրը յետ միջօրէին, տեղի ունեցաւ Միջին Արեւելքի սիւնոդոսի չորրորդ նիստը, որուն ընթացքին սիւնոդոսական հայրերը շարունակեցին իրենց զեկուցումները անդրադառնալով մանաւանդ Սուրբ Երկիրը եւ Իրագը մտահոգող հարցերուն:

Չորեքշաբթի օրը առաւօտեան, սիւնոդոսական նիստը շարունակուեցաւ դռնփակ եւ ժողովականները բաժնուեցան փոքր խումբերու՝ որոնք զանազան սրահներու մէջ հաւաքուելով ուսումնասիրեցին եւ խորացուցին «Ինսդրումէնդում Լավորիսի» աշխատանգային թղթածրարի զանազան բնանիւթերը:
Միշտ առաւօտեան, Սիւնոդոսական Նիստի քարտուղարութիւնը ընկերակցութեամբ Միջին Արեւելքի Պատրիարքներուն` յանուն սիւնոդոսական հայրերու` պաշտօնական այցելութիւն կատարեցին Իտալիոյ Նախագահ Ճորճօ Նափոլէդանոյին: Շքախումբին մաս կը կազմէր նաեւ՝ Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս Պատրիարքը:

Յետ միջօրէին զեկուցումները շարունակուեցան որոնց ընթացքին խօսք առաւ ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Ներսէս Պետրոս ԺԹ կաթողիկոս պատրիարքը, որ անդրադարձաւ «Ինսդրումէնդում Լավորիսի» 3-էն 6 -րդ համարներուն՝ «սիւնոդոսի կէտնպատակը» նիւթին մասին: Խօսք առաւ նաեւ Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէներու առաջնորդը՝ Արհիապատիւ Յովսէփ եպ. Առնաւութին որ իր զեկուցումը կեդրոնացուց ՜՜Աստուծոյ ողորմածութեան՝՝ նիւթին վրայ:

Այս առաջին երեք օրերու ընթացքին զեկուցումները ընդհանրապէս կեդրոնացան հետեւեալ նիւթերու շուրջ. Կրօնուսուցում, Աւետարանութիւն, Եկեղեցական Հաղորդութիւն, Ընկերային եւ Քաղաքական Միջավայր, Համամիութիւն, Ընտանիք եւ Երիտասարդներ, Կրօնական Ազատութիւն, Ծէս, Իսլամներու եւ Հրէութեան հետ կապեր:

Երեկոյեան` նիստի փակումէն առաջ` խօսք տրուեցաւ նաեւ Հրեայ համայնքը ներկայացնող Ռաբբունապետ՝ Դաւիթ Ռոզէն որուն զեկուցումը կեդրոնացաւ ՜՜Միջին արեւելքքի մէջ Հրեայ - Քրիստոնեայ յարաբերութիւններու՝՝ մասին ։

Նշենք թէ Սրբազան Քահանայապետը ամէն օր իր մասնակցութիւնը կը բերէ սիւնոդոսի նիստերուն, կատարելով նաեւ բացումն ու փակումը։ Իսկ նիստերու դադարներու ընթացքին, ունկնդրութիւն կը շնորհէ ՜՜խումբ առ խումբ՝՝ սիւնոդոսական հայրերուն։

Հինգշաբթի օրը՝ առաւօտեան նիստի ընթացքին, խօսք առաւ նաեւ Արհիապատիւ Յովհաննէս եպ. Թէյրուզեանը որ իր զեկուցումը կեդրոնացուց ՜՜Պատրիարքներու Իրաւասութեան ընդլայնումի՝՝ նիւթին մասին:

Նշենք թէ Միջին Արեւելքի երկիրները, որոնք ներակայացուած են միջին արեւելքի սիւնոդոսին հետեւեալներն են. Թուրքիա ուր կ'ապրին 80.000 քրիստոնեաներ՝ բնակչութեան 0,1 %-ը: Լիբանան ուր կ'ապրին 1,5 միլիոն քրիստոնեաներ՝ բնակչութեան գրեթէ 37 %-ը: Իսրայէլ ուր կ'ապրին 150.000 քրիստոնեայ բնակչութեան 2 %-ը: Եգիպտոսի մէջ կ'ապրին 8-էն 10 միլիոն քրիստոնեայ ՛ բնակչութեան 10 % որոնցմէ 225. 000-ը Ղպտի Կաթողիկէներ են. Յորդանան 350 000 Քրիստոնեայ՝ բնակչութեան 6 %-ը:
Գալով Սուրիա՝ 850 000 քրիստոնեայ , բնակչութեան 4,5 %ը:
Իրաք 600 000 քրիստոնեայ, բնակչութեան 3 %ը:
Իրան 135 000 քրիստոնեայ, բնակչութեան 0,3 % իսկ՝ Կիպրոսի մէջ քրիստոնեաները կը կազմեն բնակչութեան 4 % ը:

Այս բոլոր երկիրներու մէջ, բացայայտ է քրիստոնեաներու փոքրամասնութեան իրողութիւնը եւ ընդհանրապէս իսլամական կրօնքի հետեւող հաւատացեալներու ջախջախիչ մեծամասնութիւնը:







All the contents on this site are copyrighted ©.