2010-10-13 13:30:34

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Չորեքշաբթի Օրուայ Հրապարակային Ունկնդրութիւնը։


՜՜ Կնոջ Դերը Եկեղեցւոյ Մէջ՝՝ Նիւթին Մասին։
Չորեքշաբթի 13 հոկտեմբեր 2010, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի աւելի քան հինգ հազար ուխտաւորներուն, որոնք խմբուած էին Ս. Պետրոսի հրապարակը։
Նորին Սրբութիւնը շարունակելով իր խորհրդածութիւնը ՜՜Կնոջ դերին եկեղեցւոյ մէջ՝՝ ներկայացուց երանուհի Անժէլ տը ֆոլինոն։
Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,
Այսօր կ'ուզեմ խօսիլ երանուհի Անժէլ տը ֆոլինոյի մասին, մեծ միսթիքականը, որ ապրեցաւ 13րդ դարուն։
Անոր սկզբնական կեանքը եղաւ անհեթեթ, ապրելով անհոգ կեանք մը։
20 տարեկանին ամուսնացաւ եւ ունեցաւ զաւակներ։
Իրերայաջորդ բազմաթիւ դէպքեր զինք գիտակից դարձուձին իր մեղանչական կեանքին։ Ս. ֆրանչիսքոսի տեսիլքէն ու ընդհանուր խոստովանանքէն ետք սկսաւ ապաշխարել։ Անոր կենսագրական գիրքը վկայութիւն կու տայ ապրուած քրիստոնէական կեանք մը` նախ զղջումը եւ ապաշխարանքը, ապա հոգեւոր կեանքի մէջ յառաջանալը ուր հետզհետէ կ'ըմբռնէ թէ ան բան մը չունի տալիք եթէ ոչ իր սէրը ու ամբողջովին նուիրուիլը աստուածսիրութեան ու համակերպիլը Քրիստոսի օրինակին։ Ան հոգեւոր կեանքին մէջ կը հասուննայ երբ կ'ըմբռնէ թէ Հայր Աստուած սիրոյ ակնաղբիւրն է եւ հետեւաբար Աստուած զինք անհունօրէն եւ ձրիօրէն կը սիրէ։
Այդ պահէն սկսեալ Խաչեցեալը իրեն համար կը դառնայ ''կատարելիութեան վարդապետ''։ Անոր միսթիքական կեանքի փորձառութիւնը պիտի կայանայ Քրիստոսի նմանելու մէջ, որպէսզի Յիսուսով բարեփոխուի։ ֆրանչիսքեան միաբանութեան կը յարի եւ 1309-ին անդորրութեամբ կը վախճանի ֆոլինօ քաղաքին մէջ։
Սրբազան Հայրը իր խորհրդածութիւնը եզրափակեց ներկաներէն խնդրելով որ Տիրոջմէն հայցեն թէ Ան որքան մեզ կը սիրէ եւ թէ ինչպէս ճշմարիտ երջանկութիւնը կը սկսի Յիսուսի ճշմարիտ սէրէն։

Այս խորհրդածութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը զանազան լեզուներով ողջունեց ներկաները մաղթելով անոնց որ երանուհի Անժէլ տը ֆոլինօ-ն ըլլայ օրինակ ու հոգեւոր առաջնորդ, որ ՜՜ձեզ պիտի առաջնորդէ դէպի Քրիստոս՝՝ ըսաւ նորին Սրբութիւնը աւելցնելով. ՜՜ Ձեզի ամէնուդ կը մաղթեմ բարի ուխտագնացութիւն եւ թող Տէրը օրհնէ ձեզ՝՝։

Հուսկ Նորին Սրբութիւնը հայրական խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն յիշեցնելով թէ այսօր 13 հոկտեմբերը յիշատակն է ֆադիմայի Տիրամօր վերջին երեւումին։
՜՜Ձեզ ամէնքդ կը յանձնառարեմ երկնային մօր, որպէսզի վեհանձնութեամբ համապատասխանէք Տիրոջ կանչին՝՝ եզրափակեց Սրբազան Քահանայապետը։







All the contents on this site are copyrighted ©.