2010-10-13 13:30:45

Պաշտօնական Ստեղծումը Նոր Աւետարանութեան Քահանայապետական Խորհուրդին Ապաքրիստոնէացած Շրջաններու Մէջ։


12 Հոկտեմբերին Վատիկանի մէջ լոյս տեսաւ ''Ամէն տեղ եւ միշտ'' վերտառութեամբ Պենետիկտոս ԺԶ քահանայապետին ինքնագիրը, պաշտօնապէս ստեղծելով վերոյիշեալ խորհուրդը։ Վատիկանի կառավարութեան այս 12-րդ խորհուրդին նպատակն է ՜՜միսիոնարական նոր սլացք մը տալ ապաքրիստոնէացած եւ աշխարհականացումի թիրախ վայրերուն՝՝։
Քահանայապետական Ինքնագիրը կը հաստատէ թէ՝ Եկեղեցին ամէն տեղ եւ միշտ պարտականութիւնն ունի քարոզելու Յիսուս Քրիստոսի Աւետարանը։
Սրբազան Քահանայապետը կը մատնանշէ աշխարհականացումի երեւոյթին ծաւալումը, եւ ընկերութեան հետզհետէ հեռանալը հաւատքէն եւ յայտնումը դժբախտաբար գրեթէ ապաքրիստոնէացած հողամասերու։
Այդ հողամասերը կարիքն ունին նոր աւետարանութեան։
Սրբազան Հայրը իր ինքնագիրի վերջին մասին մէջ, կը մատնանշէ նոր Խորհուրդի գլխաւոր պարտականութիւնները. հարկաւորութիւնը խորացնելու աստուածաբանական ու հովուական իմաստը նոր աւետարանութեան։ Հարկաւորութիւնը՝ զարգացնելու ուսումը, տարածումը եւ կիրակումը Եկեղեցւոյ վարդապետութեան։ Այս նոր Խորհուրդը պէտք է գործակցի Վատիկանի կառավարութեան հետ։ Նոր խորհուրդին նախագահն է գերապայծառ Սալվատորէ ֆիզիքելլա։ Անոր ձեռքին տակ կայ քարտուղար մը եւ ենթաքարտուղար մը։
Գերապայծառ Սալվատորէ ֆիզիքելլա մամուլին ներկայացնելով նորաստեղծ խորհուրդը մաղթեց որ այս նոր խորհուրդը կարենայ համագործակցիլ Վատիկանի վերին վարչութեան բոլոր մարմիններուն հետ, ինչպէս նաեւ մաղթեց համագործակցիլ քոյր եկեղեցիներու հետ, միասնաբար պայքարելու աշխարհականացումին դէմ։ Գերապայծառ ֆիզիքելլա հաստատեց թէ ապաքրիստոնէացումի եւ աշխարհականացումի մշակոյթի հարցը կը հետաքրքրէ բոլոր քրիստոնեայ եկեղեցիները, ուստի բաղձալի է օգնութիւնը բոլոր անոնց որոնք լուծումներ ունին լաւագոյնս աշխատելու Աստուծոյ փառքին համար։







All the contents on this site are copyrighted ©.